ԴՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար Մեհմէտ Էօզհասեքիի հետ։ Սիրալիր ընդունելութեան ընթացքին կեսարացի նախարարը փոխանցեց իր դրացնութեան յուշերը հայերու հետ։

Զրոյցի տեւողութեան նորին սրբազնութիւնը շեշտեց, որ այցելութեան փութացած էր նախարար Էօզհասեքիի հետ քննարկելու համար Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ առկայ վիճակը։ Մօտաւոր անցեալին մեծ զոհողութիւններով վերանորոգուած մեր այս սրբավայրը դժբախտաբար ահաբեկչական դէպքերու հետեւանքով ներկայիս կը գտնուի անմխիթար վիճակի մը մէջ։ Ընդհանուր փոխանորդը ցաւով ներկայացուց բոլոր մանրամասնութիւնները եւ ընդգծեց, որ եկեղեցին բարենորոգման կարիքը ունի։ Մեր համայնքը մեծ զոհողութիւններ յանձն առնելով գլուխ հանեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան մեծածախս գործը։ Երեսուն տարի անգործածելի վիճակի մէջ կը գտնուէր Տիգրանակերտի այս եկեղեցին, որ 2011 թուականին վերաբացուած էր պաշտամունքի։ Այդ իրադարձութիւնը հոգեւոր ցնծութեան առիթ հանդիսացած էր ոչ միայն մեր համայնքին, այլ աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդին տեսակէտէ։ Սակայն այդ ուրախութիւնը դժբախտաբար երկար չտեւեց։ Այժմ եկեղեցին դարձեալ կը կարօտի լուրջ նորոգութեան, որ կ՚ենթադրէ մեծածախս ծրագիր մը կեանքի կոչել։

Նախարար Էօզհասեքի ընդունելութեան ընթացքին աչքէ անցուց Տիարպաքըրի կեդրոնի Սուր շրջանի վերաշինութեան ծրագիրը։ Ան իսկոյն անդրադարձաւ, որ այլ եկեղեցիներ ընդգրկուած էին այդ վերաշինութեան ծրագրին մէջ, սակայն Ս. Կիրակոս եկեղեցին կը բացակայէր։ Ուստի, նախարարը խոստացաւ ձեռնարկել եկեղեցւոյ նորոգութեան եւ տեղւոյն վրայ տուաւ որոշ հրահանգներ՝ որպէսզի պատրաստուին անհրաժեշտ ծրագրերը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս կէտին վրայ յայտնեց, որ արդէն ի ձեռին ունէր ու տեղւոյն վրայ անմիջապէս կրնար փոխանցել նախապէս մշակուած ծրագրերը։ Նախարար Էօզհասեքի յայտնեց, որ նորին սրբազնութիւնը կրնար թրքահայ համայնքին փոխանցել բարի լուրը, թէ Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ պիտի կատարուի Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարի ջերմ ու պատրաստակամ վերաբերմունքին համար։

Յուշանուէրներու փոխանակումէն վերջ նորին սրբազնութիւնը հրաժեշտ առաւ նախարարէն։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր օդային ճամբով կը վերադառնայ քաղաքս, ընկերակցութեամբ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի։  

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018