ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԱՀԱԶԱՆԳ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Լոնտոնի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգլիոյ ղեկավարութեան կողմէ։ Պաքհինկամի պալատի երդիքին տակ ան հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին հետ։ Էրտողան օրուան տեւողութեան տեսակցեցաւ նաեւ Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի հետ։ Պաքհինկամի պալատի տեսակցութիւնը տեւեց շուրջ 40 վայրկեան։ Նախագահին հետ էր նաեւ Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողան։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան Լոնտոնի մէջ Թերեզա Մէյի հետ տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ բերաւ Պաղեստինի հարցը ու մանաւանդ վերջին օրերուն Կազզէի մէջ Իսրայէլի զօրքերուն կողմէ պաղեստինցի ցուցարարներուն վրայ կրակ բացուիլը։ Էրտողանի եւ Մէյի համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին եւս այս նիւթը օրակարգի վրայ էր։ Հանրապետութեան նախագահը տեղեկացուց, որ այս Ուրբաթ Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտահերթ ժողովը եւ այս առթիւ աշխարհին պիտի փոխանցուի ամուր ու վճռակամ պատգամ մը։ Էրտողան Լոնտոնի մէջ ընդգծեց, որ ներկայ աղիտալի կացութեան պատասխանատուները կը հանդիսանան ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու։

Միւս կողմէ, ինչպէս ծանօթ է այս Ուրբաթ Ենիգաբուի մէջ ալ նախատեսուած է մեծ հանրահաւաք մը։  

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018