ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ԾԱԳԱԾ ՀԱՐՑԵՐԸ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ այցելեց Պրիւքսել, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի եւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսընի հետ։

Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ միջազգային համաձայնութենէն վերջերս դուրս գալ որոշած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ինչ որ լուրջ մտահոգութեան պատճառ դարձած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Այս մթնոլորտին մէջ Թեհրան դիւանագիտական արշաւի մը ձեռնարկած է ու Ճեւատ Զարիֆի երէկուան Պրիւքսել այցելութիւնն ալ մաս կազմեց այդ ամբողջին։

Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ յայտնեց, որ երէկուան ժողովին ընթացքին կողմերը վերահաստատած են իրենց հաւատարմութիւնը՝ որպէսզի համաձայնութիւնը գործադրուի լիարժէք ու ազդու ձեւով։ Իր կարգին, Ճեւատ Զարիֆն ալ երէկուան ժողովը որակեց լաւ սկիզբ մը։ «Կը հաւատամ, թէ ճիշդ ճանապարհի վրայ ենք», ըսաւ Զարիֆ եւ աւելցուց, որ թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ Իրանի հանրային կարծիքը կը գիտակցի, թէ դժուար մթնոլորտի մը մէջ կ՚աշխատին։

Ֆետերիքա Մոկերինի ընդգծեց, որ իրենք վճռակամ են համաձայնութիւնը ի զօրու պահելու ուղղութեամբ։ Եւրոպացի յանձնակատարի խօսքով՝ խնդրոյ առարկայ չէ այդ համաձայնութեան նոր յաւելումներ կատարուիլը։ 

Այսօր ԵՄ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները գագաթաժողով մը կ՚իրականացնեն շրջանային նախագահ Պուլկարիոյ մայրաքաղաքին՝ Սոֆիայի մէջ։ Հաւաքի ընթացքին կը քննարկուին Իրանի վերաբերեալ համաձայնութենէն ԱՄՆ-ի դուրս գալու հաւանական հետեւանքները։  

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018