ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուք յայտնեց, որ ամրան արձակուրդի նոր օրացոյց մը պիտի հաստատուի յառաջիկայ շրջանին։ Ըստ նախարարին, ներկայիս արդիւնաւէտութեան եւ հաւասարակշռութեան հիման վրայ աշխատանքներ կը կատարուին։ Այդ բոլորի նպատակն է 180 աշխատանքային օրերու ընդհանուր արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնել։

Թուրքիա մաս կը կազմէ այն երկիրներու շարքին, որոնք ամենաերկար ամրան արձակուրդը ունին։ 13 շաբաթ կը տեւէ ամրան արձակուրդը, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի կրճատուի երկու շաբաթով։ Մինչ ամրան արձակուրդը 11 շաբթուան պիտի իջնէ, ապրիլ եւ նոյեմբեր ամիսներուն ալ մէկական շաբթուան միջանկեալ նոր արձակուրդներ պիտի հաստատուին։

Նախարար Սելչուքի խօսքով, միջանկեալ մէկ շաբթուան արձակուրդները միմիայն դադար պիտի չըլլան եւ տղաքը զանազան աշխատանքներու պիտի ներգրաւուին։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2019