ՆՈՐ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իրաքի վարչապետ Ատիլ Ապտիւլմեհտին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս նախագահը զինուորական պաշտօնական արարողակարգով դիմաւորեց հիւր վարչապետը։ Երկու ղեկավարները նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Էրտողան եւ Ապտիւլմեհտի սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որով ամփոփեցին բանակցութիւնները ու պատասխանեցին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։

Թուրքիա եւ Իրաք՝ որպէս հարեւաններ, այս շրջանին կը ձգտին նոր համագործակցութիւն մը հաստատել եւ համապատասխան քայլեր կ՚առնեն տարածքաշրջանի առկայ իրավիճակին համապատասխան։ Արդարեւ մէկ կողմէ Իրաքի մէջ ստեղծուած են նոր պայմաններ, իսկ միւս կողմէ՝ Իրանի եւ Սուրիոյ վերաբերեալ բազում հանգամանքներ ուղղակիօրէն կը պայմանաւորեն Անգարա-Պաղտատ յարաբերութիւնները։

Մամլոյ սպասաւորներու հետ զրուցելու ժամանակ, նախագահ Էրտողան յայտարարեց, որ Իրաքի քաղաքական միութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը կը հանդիսանան այդ երկրի վերաբերեալ Թուրքիոյ քաղաքականութեան հիմքը։ Թրքական կողմը կը պատրաստուի նաեւ վերաբանալ Իրաքի իր հիւպատոսարանները։ «Իրաքի վերակառուցման կապակցութեամբ մենք վերահաստատեցինք մեր առաջնահերթութիւնները, որպէսզի ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) պատճառով առաւել չափով վնաս կրած շրջանները զարգացուին եւ առեւտուրի նրբանցք մը հաստատուի դէպի երկրի հարաւը», ըսաւ Էրտողան։

Բաց աստի, նախագահը ընդգծեց, որ Անգարա մեծապէս կը կարեւորէ Քերքիւք-Ճէյհան նաւթամուղ խողովակաշարի վերագործարկումը։ Արդարեւ, այդ մէկը անգործածելի դարձած է ԻՇԻՊ-ի յարձակումներուն հետեւանքով։ Ան տեղեկացուց նաեւ, որ կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի համատեղ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը փութով վերսկսի։ Նոյնպէս, կողմերը համամիտ են ԻՇԻՊ-ի, ՓՔՔ-ի եւ ՖԵԹԷՕ-ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարը շարունակել վճռակամօրէն։ Նպատակայարմար գտնուած է նաեւ՝ վստահութեան եւ զինուորական համագործակցութեան ուղղութեամբ համաձայնութեան մը կնքուիլը։

Իր կարգին, հիւր վարչապետն ալ յայտնեց, որ Թուրքիա եւ Իրաք ունին հասարակաց շահեր՝ ըլլալով հարեւան երկիրներ։ «Յառաջ Աստուած, մեր ապագան պիտի կառուցենք միասնաբար։ Մեր քննարկումները խտացեալ ու արդիւնաւէտ էին», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ բացարձակապէս պիտի չարտօնեն, որպէսզի անվստահութեան մթնոլորտ յառաջանայ Իրաքի մէջ։

Ապտիւլմեհտի շեշտեց նաեւ, որ իրենց համար բացարձակօրէն անընդունելի է Իրաքի տարածքէն անվտանգութեան սպառնալիքներու ուղղուիլը Թուրքիոյ դէմ։ Ըստ իրեն, որքան որ ալ ԻՇԻՊ վերստին ամրանալու ձգտումի մը մէջ ըլլայ, այլեւս ազդեցութիւնը շատ ցած է եւ Իրաքի տարածքէն ներս որեւէ տեղ իր հակակշռին տակ չէ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջերս այցելած էր Պաղտատ եւ Էրպիլ։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2019