ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՀԱՐՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Պրիւքսելի մէջ յայտարարեց, որ Երեւան սկզբունքօրէն կողմնակից է Ստեփանակերտի՝ որպէս բանակցային կողմ մասնակցութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն։

Նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակի յոբելենական արարողութիւններուն, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այս ամբողջին մէջ ան մեկնաբանեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի յայտարարութիւնը, ըստ որու Պաքու սկզբունքօրէն դէմ է Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադառնալուն։ Այս կապակցութեամբ Մնացականեան ըսաւ.

«Մենք ալ սկզբունքօրէն կողմնակից ենք։ Դարձեալ կրկնեմ, մենք բազմիցս առընչուած ենք այս հարցին։ Սա խիստ գործնական հարց մըն է, որովհետեւ եթէ Արցախին հնարաւորութիւն չի տրուիր այս գործընթացի սեփականատէրը ըլլալու, ապա լրջօրէն կը տուժէ այս գործընթացի արդիւնաւէտութիւնը։ Մեր մօտեցումը շատ գործնական է ու տրամաբանական»։

Մնացականեան, որ Պրիւքսելի մէջ Մամետեարովի հետ ունեցաւ կարճ հանդիպում մը, պատասխանեց նաեւ նախարարներու յառաջիկայ հանդիպման վայրին ու ժամկէտներուն շուրջ հարցումի մը։ Ըստ իրեն, յաջորդ հանդիպման հաւանական վայրն է Ուաշինկթըն, սակայն սխալ կ՚ըլլայ հիւրընկալ կողմի անունով որեւէ յայտարարութիւն ընել։

«Քիչ մը եւս համբերենք։ Գիտէք, որ մենք կը սպասենք որոշ յստակեցումներու յաջորդ փուլի համար, հանդիպման համար եւ հիւրընկալ կողմը պէտք է ըսէ, ինչպէս հնարաւոր է, երբ յարմար է, որպէսզի մենք նոյնպէս կարողանանք գնահատել այդ ժամկէտները, այսինքն համաձայնիլ։ Սկզբունքօրէն մենք որեւէ խնդիր չենք տեսներ։ Հաւանական է, որ յաջորդ հանդիպման վայրը ըլլայ Ուաշինկթըն։ Բայց սխալ կ՚ըլլայ որեւէ բան ըսել։ Դարձեալ կրկնեմ, հիւրնկալ կողմէն առաջ իյնալը, կը կարծեմ, սիրուն երեւոյթ մը չէ», եզրակացուց Մնացականեան։

Հարկ է յիշեցնել, որ Պրիւքսելի մէջ կարճատեւ զրոյց մըն ալ տեղի ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։ Փաշինեանի բանբերը՝ Վլատիմիր Կարապետեան հանդիպումէն վերջ յայտնած էր, որ անդրադարձ եղած է սահմանի վերջին դէպքերուն ու փոխանցուած՝ հայկական կողմի մտահոգութիւնը։

Միւս  կողմէ, Պրիւքսելի յոբելենական հաւաքի աւարտին Ատրպէյճան արգելք մը դրաւ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու համատեղ հռչակագրի ստորագրման։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2019