Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս այցելեց Պելժիա, ուր նախագահեց Պրիւքսելի Ս. Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Պրիւքսելի մէջ կեցութեան օրերուն Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ունեցաւ նաեւ շարք մը միջեկեղեցական հանդիպումներ։ Մասնաւորապէս նորին սրբազնութիւնը Մալինի մէջ հանդիպեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ աւագ թեմի արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ժոզէֆ տը Քեզելի եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Տ. Աթենակորաս Մետրապոլիտի հետ։

Պրիւքսելի Ս. Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողմէ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագին յաջորդեց տօնական ընդունելութիւն-ճաշկերոյթ մը։ Պելժիոյ զանազան ծուխերէն եւ ընդհանրապէս Եւրոպայէն վարչայիններ եւ հաւատացեալներ մասնակցեցան արարողութիւններուն։ Նորին սրբազնութիւնը, որու կողքին էր իր փոխանորդը՝ Տ. Զատիկ Վրդ. Աւետիքեան, յորդորներ ուղղեց համագործակցութեան ոգին զօրացնելու նպատակով։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2019