ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-

Այսօր Փարիզի Առեւտրական հարցերու ատեանին մէջ տեղի պիտի ունենայ իւրայատուկ դատավարութիւն մը։ Ատրպէյճանի դեսպանատան ներկայացուցիչները ֆրանսական արդարադատութեան հաշիւ պիտի տան դատի մը ծիրին մէջ, զոր յարուցած է «Victory Capital & Advisory»։ Այս ընկերութիւնը, զոր կը գլխաւորէ Սիլհամ Արպիպ, անցեալին վարձուած էր ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ՝ Էմմանիւէլ Մաքրոնի ընտրութենէն ետք ատրպէյճանամէտ երեսփոխաններ «հաւաքել»ու եւ «զօրաշարժի ենթարկել»ու համար։

Ներկայիս, «Victory Capital & Advisory» դատի դիմած է Ատրպէյճանի դէմ՝ 2017-ի երկրորդ կէսին իր տարած գործունէութեանց դիմաց անվճար մնացած 657 հազար եւրօ գումարին եւ 50 հազար եւրօ ալ վնասուց հատուցումի վճարման պահանջով։

«Victory Capital & Advisory» կը պնդէ, որ 2017 յունիսէն դեկտեմբեր Պաքուի ի նպաստ բազմաթիւ գործողութիւններու ձեռնամուխ եղած է։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի Փարիզի դեսպանատան տնտեսական հարցերու խորհրդական Էլտա Մամետովի դիմումին ընդառաջելով՝ ընկերութիւնը երեսփոխաններ ապահոված է Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Ատրպէյճան բարեկամութեան խումբին համար։ Ըստ յայտնաբերուած փաստաթուղթի մը, զոր 2018 յունիսին հրապարակած է «La Lettre A» պարբերականը՝ Պաքու «Victory Capital & Advisory»էն պահանջած էր գտնել այնպիսի երեսփոխաններ, որոնք ատակ էին «տարածելու դրական պատգամներ՝ ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին» եւ որոնք «բաւական քաջ նկարագրի տէր են՝ Ատրպէյճանին վնաս հասցնել ուզողներու հարուածներուն դիմադրելու համար»։

Այս նպատակով, «Victory Capital & Advisory» մինչեւ 2017-ի տարեվերջ բազմաթիւ տեսակցութիւններ ունեցած է երեսփոխաններու, նախարարական խորհրդականներու հետ, մինչեւ որ մերժուին իրեն կատարուելիք վճարումները։

Փարիզի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան փաստաբան մեթր Օլիվիէ Փարտօ «անհեթեթ պահանջ» որակած է ներկայացուածը եւ զայն դատապարտած։ Ըստ անոր՝ կատարուածը Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ ճնշումի գործադրում է՝ վճարում ձեռք ձգելու համար։ Աւելցուցած է, որ կը պատրաստուի բողոքելու, պատճառաբանելով՝ որ սոյն դատարանը լիազօր չէ նման դատ վարելու։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2019