Երկուշաբթի 6, Յունուար 2025
ՓՈՒԹԻՆ ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՓՈՄՓԷՈՆ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, նախօրէին ամերիկացի պետական քարտուղարը հանդիպած էր իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Մոսկուայի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փութինի եւ Փոմփէոյի զրոյցի ատեն քննարկուած են «G-20»ի գագաթաժողովի ընթացքին ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու միջեւ հանդիպման մը կազմակերպման հաւանականութիւնները։ Հարկ է նշել, որ Մեծ քսանեակի գագաթաժողովը յառաջիկայ ամիս նախատեսուած է Ճաբոնի մէջ։
Ըստ միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներուն, Տանըլտ Թրամփն ալ համամիտ է Ճաբոնի գագաթաժողովի օրերուն Փութինի հետ հանդիպելու։
Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2019