Չորեքշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2024
ԹՐՔԱԿԱՆ EXIMBANK-Ը 678 ՄԻԼԻՈՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ ՎԱՐԿ ԱՊԱՀՈՎԱԾ Է
Առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեքճան յայտարարեց, որ թրքական Eximbank-ը վերջերս ապահոված է 678 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ սենտիքասիոնի վարկ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը մատնանշեց, որ այս վարկերը ապահովուած են հակառակ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած դժուարութիւններուն եւ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին։ Այս համեմատութեամբ վարկի մը ապահովուած ըլլալը կը նշանակէ, որ միջազգային շուկաներէ ներս թրքական տնտեսութիւնը եւ դրամատնային համակարգը վստահութեան առարկայ կը համարուին։
Նախարար Ռուհսար Փեքճան ընդգծեց նաեւ, որ ապահովուած այս վարկերը պիտի օգտագործուին երկրի արտածողներու գանձատրման կարիքներու դիմագրաւման նպատակով։
Շաբաթ, Մայիս 16, 2020