ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կը կարդանք.-
Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները դարձան իրականութիւն: Ընտրութիւնները կատարելու յանձնառութիւնը դարձաւ ճշմարտութիւն եւ ընտրուեցաւ նոր խորհրդարան, որ դէմ յանդիման պիտի գտնուի բազում մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ բարեկարգումներ իրագործելու գրաւականին դիմաց:
Երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին Լիբանանի 15 ընտրաշրջաններուն մէջ քուէակեդրոնները բացուեցան եւ ամբողջ օրուան ընթացքին լիբանանցիները քուէարկեցին:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը երեկոյեան ժամը 10:00-ին յայտարարեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը հասած է 41,04 առ հարիւրի:
Կը նախատեսուի, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները հրապարակուին այսօր:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ուղղուեցաւ Հարեթ Հըրէյք, ուր ան կատարեց քաղաքացիական իր պարտականութիւնը:
Քուէարկելէ ետք նախագահ Աուն շեշտեց, որ քաղաքացիին պարտականութիւնն է քուէարկել՝ ընդգծելով, որ քաղաքացին չի կրնար չէզոք ըլլալ՝ երկրին վարչակարգը ընտրելու նման հիմնական եւ լուրջ հարցին դիմաց:
Նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ հետեւեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ հետեւեցաւ իրեն հասած ապահովական տեղեկագիրներուն, որոնք կը վերաբերէին երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած ապահովական խախտումներուն:
Հարեթ Հըրէյքի մէջ քաղաքացի մը ձերբակալուեցաւ՝ նախագահ Աունը վարկաբեկելու յանցանքով:
Աւելցնենք, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքը այդքան ալ հեզասահ չէր՝ նկատի ունենալով, որ տարբեր ընտրաշրջաններու մէջ արձանագրուեցան ապահովական հարցեր՝ քաղաքական տարբեր ուժերուն վստահուած անձերուն միջեւ:
Մընիէի մէջ տեղի ունեցած բախումի մը պատճառով արձանագրուեցան մեծ թիւով վիրաւորներ:
Ֆնայտեք-Աքքարի մէջ արձանագրուեցան բախումներ՝ տարբեր ուժերու վստահուած անձերուն միջեւ հարցերու պատճառով:
Թրիփոլիի Թալ քաղաքին մէջ արձանագրուած կռիւը աւարտեցաւ կրակոցով, որ սակայն հակակշիռի տակ առնուեցաւ բանակին կողմէ:
Զահլէի մէջ արձանագրուեցան բախումներ՝ լիբանանեան ուժերու եւ «Հիզպուլլահ»ի վստահուած անձերուն միջեւ:
Իսկ Հատաս-Պաալպեքի մէջ կռիւ արձանագրուեցաւ լիբանանեան ուժերու եւ Ազգային ազատ հոսանքի վստահուած անձերուն միջեւ:
Հարաժելի մէջ քաղաքացի մը քուէարկելու իր հերթը սպասելու ընթացքին սրտի կաթուածի պատճառով մահացաւ:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին այցելեց Ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարը քուէակեդրոններու պատասխանատուներէն պահանջած է քուէարկողներուն առիթ տալ մուտք գործել քուէակեդրոններ, ինչպէս նաեւ կարելի եղած է տեղւոյն վրայ լուծել գումակային բոլոր հարցերը: «Երեսփոխանական ընտրութիւնները բառին բուն իմաստով կատարուեցան, իսկ պետութիւնը իր պարտականութիւնը ամբողջական կերպով կատարեց: Բոլորը գրաւ դրին ամէն միջոցներով խանգարելու երեսփոխանական ընտրութիւնները, սակայն ընտրութիւնները կատարուեցան, եւ անկարելի էր կատարել այդ ընտրութիւնները՝ առանց կառավարութեան եւ հանրապետութեան նախագահին, ինչպէս նաեւ ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարներուն պնդումներուն», շեշտեց ան: Միքաթի մաղթեց, որ ամենէն արագ միջոցին երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններ եւ վարչապետի նշանակում կատարուի: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ քուէակեդրոնները մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00 բաց պահելը ապօրինի է՝ ընդգծելով, որ պէտք է քուէակեդրոնները երեկոյեան ժամը 7:00-ին փակուին:
Վարչապետ Միքաթի երեկոյեան ժամը 8:30-ին այցելեց Արդարադատութեան նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ Արդարադատութեան նախարար Հանրի Խուրիի հետ: Միքաթի օրուան կիսուն այցելեց Ներքին գործոց նախարարութիւն, ուր ան կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները յարանուանական դիտանկիւնէ չդիտելու:
Միքաթի այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր ան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աունի հետ հետեւեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններու ընթացքին: Զօր. Աուն յայտնեց, որ բանակայիններուն հաւատքն ու հզօր կամքը անոնց կորով կու տայ՝ շարունակելու իրենց վստահուած գործողութիւններն ու պարտաւորութիւնները, հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն:
Իր կարգին, Ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը Լիբանանի համար նուաճում մըն էր՝ աւելցնելով, որ քուէահամարը որոշ դժուարութիւններու պատճառով դանդաղ ընթացք պիտի ունենայ, սակայն արդիւնքները պիտի ըլլան թափանցիկ: Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ ընտրական այս երկար օրը բաւական գոհացուցիչ էր՝ նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր ծանր պայմանները: «Բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կրցած ենք շրջանցել: Գետնի վրայ ունէինք 15 հազար վստահուած անձեր եւ մտավախութիւններ կային, որ դատաւորներու տագնապ կրնայ գոյութիւն ունենալ, ինչպէս նաեւ կրնան ապահովական խախտումներ արձանագրուիլ: Սակայն մենք երեսփոխանական ընտրութիւնները իրականացուցինք՝ այնպէս ինչպէս խոստացած էինք քաղաքացիներուն», ըսաւ ան: Մաուլաուի շեշտեց, որ Լիբանանի տարածքին 90 հազար ոստիկաններ եւ զինուորականներ հսկեցին ընտրութիւններուն՝ աւելցնելով, որ իրենք կը մաղթէին, որ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը աւելի բարձր ըլլայ եւ քաղաքացիները յաւելեալ աշխուժութեամբ մասնակցին քուէարկութեան:
Տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքարի յայտնեց, որ Լիբանանի պետութիւնը յաջողեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել, իսկ տեղեկատուութեան մարզը իր դերակատարութիւնը լիովին կատարեց՝ ճշմարտութիւնը իր լեղի ու քաղցր վիճակով ներկայացնելով բոլորին:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն ժողովրդավարական ըլլալու իրականութեան հսկող ԼԱՏԷ միութիւնը ներքին գործոց նախարարութենէն պահանջեց, որ ընտրութիւններուն հետեւող միջազգային դիտորդները ներկայ գտնուին քուէահամարի աշխատանքին: Նոյն կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ քուէահամարը կը կատարուի մութին՝ հակառակ Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած այն հաստատումին, թէ ելեկտրականութիւնը ապահովուած պիտի ըլլայ:
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջան, (Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Սայֆի, Մուտաուար), 8 երեսփոխան, իսկ այդ 8 երեսփոխաններուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 6 ցանկերը. «Քուննա ուա ռահ նըպքա լիպէյրութ»՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ցանկը, «Լուպնան Սիատա»՝ Անթուն Սահնաուիի եւ Նետիմ Ժեմայէլի ցանկը, «Պէյրութ նահնու լահա»՝ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ցանկը, «Քատրին», «Պէյրութ մատինաթի» եւ «Լիուաթանի»՝ քաղաքացիական ընկերութեան ցանկերը:
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00-ը հասաւ 28,50 առ հարիւրի:
Պէյրութի Բ. ընտրաշրջան, 11 երեսփոխան, իսկ 11 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 10 ցանկերը. «Պէյրութ պատտա քալպ»՝ Ֆուատ Մախզումիի ցանկ, «Հայտի Պէյրութ»՝ «Հիզպուլլահ»ի եւ Ահպաշի ցանկ, «Պէյրութ թուաժեհ»՝ Խալետ Քապպանիի ցանկ, «Ուիհտաթ Պէյրութ», «Լիպէյրութ», «Պէյրութ ալթաղյիր», «Լիթապքա Պէյրութ», «Քատրին», «Նաամ լիպէյրութ» եւ «Պէյրութ մատինաթի»՝ քաղաքացիական ընկերութեան ցանկերը:
Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանին մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00-ը հասաւ 38,33 առ հարիւրի:
Լեռնալիբանանի Ա. ընտրաշրջան (Քեսրուան, Ժպէյլ), 8 երեսփոխան, իսկ 8 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 7 ցանկերը. «Քըննա ու ռահ նըպքա»՝ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ցանկ, «Քալպ լուպնան ալ մուսթաքըլ»՝ Ֆարիտ Հայքալ Խազենի ցանկ, «Մաաքում ֆինա լիլախար»՝ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ցանկ, «Սարխեթ ուաթան»՝ Նաամաթ Աֆրամի ցանկ, «Ալ հուրիա քարար»՝ Մանսուր Պոնի եւ Ֆարես Սուէյտի ցանկ, «Քատրին» եւ «Նըհնա ալթաղյիր»՝ քաղաքացիական ընկերութեան ցանկերը:
Ժիպէյլի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00-ը հասաւ 55,40 առ հարիւրի, իսկ Քեսրուանի մէջ՝ 56,40. առ հարիւրի:
Պեքաայի Ա. ընտրաշրջան (Զահլէ). ընտրուելիք երեսփոխաններուն թիւն է 7, իսկ այդ 7 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 8 ցանկերը. «Զահլէ Ռիսալէ»՝ ՀՅԴ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի ցանկը, «Զահլէ Սիատա»՝ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ցանկը, «Սիատիուն Մուսթաքիլլուն», «Զահլէ Թանթաֆետ», «Ալքաուլ ուալ Ֆըհըլ», «Ալ Թաղյիր», «Քատրին Նուաժեհ» եւ «Քըթլէ շաապիէ»՝ քաղաքացիական ընկերութեան տարբեր ցանկերը, Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան ցանկը: