ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, որ Քիեւի մէջ շփումներ ունեցաւ, երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրօ Քուլեպայի հետ։ Պլինքըն տեղեկացուց, որ Ուաշինկթըն յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ եւ այդ նպատակով եւս 2 միլիառ ամերիկեան տոլար պիտի յատկացուի։ Ամերիկեան կողմը այդ գումարը պիտի յատկացնէ Պաշտպանական արդիւնաբերութեան հիմնադրամին միջոցաւ։

 Պլինքընի այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ՝ Սպիտակ տան կողմէ Ուքրայնային համար նախատեսուած օժանդակութեան նոր ու բաւական մեծ խմբաքանակէն վերջ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը կը շարունակէ առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել միջազգային օրակարգին վրայ։ Ռուսական զօրքերը յատուկ գործողութեան այս փուլին մասնաւորապէս կը թիրախաւորեն դէպի Խարքով քաղաքը, ուր անոնց արշաւանքը կասեցնելու համար կը դիմադրէ Ուքրայնայի բանակը։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024