ՎԱԽՈՒ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժման նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերը կը շարունակուին։ Ցուցարարները այս առաւօտ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կառավարութեան շէնքին շուրջ էին։ Ինչպէս միշտ, ոստիկանութիւնը նախազգուշական խիստ միջոցներ ձեռք առաւ՝ վահաններով ու մահակներով։

Ընդդիմադիր շարժումը երէկ ալ փորձեց Երեւանի Օփերային յարած Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուիլ՝ քանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այնտեղ միջազգային հաւաքոյթի մը պիտի մասնակցէր։ Անվտանգութեան խիստ միջոցառումներու պայմաններուն ներքեւ ցուցարարները հնարաւորութիւն չունեցան հրապարակին վրայ կուտակուելու։ Օրուան աւարտին, ըստ այս շրջանին ձեւաւորուած նախընթացին, «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը գլխաւորած Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ։ «Տեսէք՝ ի՛նչ վախի մէջ կ՚ապրին։ Մարդը, որ հեծանիւով կը պտտէր փողոցներուն մէջ, հիմա տասնեակ շարքերով ոստիկաններ բերած՝ քաղաքը կը կաթուածահարէ», ըսաւ Սրբազանը։

Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան երէկ յայտնեց նաեւ, որ հաւանական նոր վարչապետի թեկնածուին շուրջ համախոհութիւն գոյութիւն ունի։ Յամենայնդէպս, ան որեւէ անուն չնշեց։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024