ՓԱՇԻՆԵԱՆ Կ՚ԸՆԴԳԾԷ ՅԱՋՈՂ ԸՆԹԱՑՔԸ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման ներկայ փուլը պսակուած է մեծ յաջողութեամբ։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը առաջին անգամ ունի պաշտօնապէս յստակեցուած սահմանը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ նոր սահմանագիծի մը ստեղծումը յղի պիտի ըլլայ մագլցումներու եւ ռազմական բախումներու յարատեւ ռիսքերու։

Երէկ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներուն միջեւ տեղի ունեցաւ 9-րդ հանդիպումը՝ գլխաւորութեամբ երկու երկիրներու փոխ-վարչապետներուն՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ նախորդ հանդիպման արձանագրութեան համաձայն կատարուած աշխատանքները քննարկուած են։ Նախկին Խորհրդային Միութեան ընդհանուր սպայակոյտի 1976 թուականի տեղագրական քարտէսի հիման վրայ կատարուած են աշխատանքները։ Խորհրդային Միութեան փլուզման պահու դրութեամբ գոյութիւն ունեցած, իրաւաբանօրէն հիմնուած սահմաններուն համապատասխան այժմ կը վերարտադրուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը։ Երէկուան հանդիպման աւարտին կողմերը արձանագրութիւն մը ստորագրեցին՝ ցարդ կեանքի կոչուած պայմանաւորուածութիւններուն շուրջ։ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն ալ տեղեկացուեցաւ, որ Ատրպէյճան հակուած է սահմանազատման գործընթացը շարունակելու նոյն ձեւաչափով, որ Տաւուշի հատուածի պարագային ի զօրու եղած է։

Վարչապետ Փաշինեանի աշխատակազմն ալ երէկ հաղորդեց, որ նշեալ հատուածէն ներս սահմանագծի վերարտադրումը աւարտած է, համաձայնեցուած ու ստորագրուած եւ այդ հատուածէն ներս սահմանը կը համարուի յստակացած։ Կարգ մը զգայուն հատուածներու պարագային վերջնական որոշումները քիչ մը աւելի ուշ պիտի տրուին։ Վարչապետի աշխատակազմի երէկուան յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Կիրանց գիւղի պարագային ճանապարհի տեղափոխման խնդիր պիտի յառաջանայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Կիրանցի բնակիչները նշեցին, որ իրենց գիւղի պարագային գոյութիւն ունէր երեք զգայուն հարց. որեւէ մէկը չէ լուծուած ի շահ հայկական կողմին։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024