ՖԻՔՈՅԻ ԴԷՄ ՄԱՀԱՓՈՐՁ

Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիքոյի դէմ երէկ կատարուեցաւ մահափորձ մը։ Հանտլովա քաղաքին մէջ, կառավարութեան նիստէն արձակուելու ժամանակ ան մահափորձի ենթարկուեցաւ, երբ կ՚ողջունէր ժողովուրդը։ Վարչապետը հինգ անգամ թիրախաւորուեցաւ՝ վիրաւորուելով կրծքավանդակէն ու որովայնէն։ Ան անմիջապէս վիրահատուեցաւ եւ ըստ հաղորդումներուն՝ ծանր կացութիւնով հիւանդանոց հասցուեցաւ։ Մասնագէտները յայտնած են, որ Ֆիքօ յաղթահարած է կեանքի սպառնալիքը։ Վարչապետին վրայ կրակած 71-ամեայ անձնաւորութիւնն ալ ձերբակալուած է։

Մինչ Եւրոպայի մէջ վերելք կ՚ապրի աջակողմեան քաղաքականութիւնը՝ Ռոպերթ Ֆիքօ այդ առումով վառ անհատականութիւն մը կը համարուի։ Ռուսաստանի ի նպաստ դիրքորոշումներով ան Արեւմուտքի մայրաքաղաքներուն մէջ վերապահութիւն կը ստեղծէր՝ Ուքրայնայի հետ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Ֆիքօ Պրաթիսլաւայէն դէպի Քիեւ օժանդակութիւնները խզած էր ու մերժած էր մասնակցիլ այն համախոհութեան, որ Չեխիոյ գլխաւորութեամբ ձեւաւորուած էր Ուքրայնային զէնք մատակարարելու համար։

Քրեմլինի մերձակայ գործիչներու շարքին դասուած Ֆիքոյի դէմ մահափորձին անմիջապէս արձագանգեց Թուրքիան։ Անգարա դէպքը պախարակեց, մինչ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան արագ ապաքինում մաղթեց վիրաւորեալ վարչապետին։

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց, Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ միացան միջազգային հակազդեցութիւններուն՝ պախարակելով մահափորձը։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024