«ԱՐԻ ՏՈՒՆ-2015»

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «Ա­րի տուն» ծրագ­րի այս տա­րուան ա­ռա­ջին փու­լին բա­ցու­մը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հայ­րե­նա­ճա­նաչ­ման ուղ­ղեալ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն յա­ռաջ կը տա­րուի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ։  Ծրագ­րի ա­ռա­ջին փու­լի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ յայտ­նեց, թէ այս տա­րի եօ­թնե­րորդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի «Ա­րի տուն»ը։ Ան ընդգ­ծեց, թէ ան­ցեալ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին հա­զա­րա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ այ­ցե­լած են Հա­յաս­տան։ Այս տա­րի ալ ա­ւե­լի քան հա­զար ե­րի­տա­սար­դի այ­ցե­լու­թիւ­նը կը ծրագ­րուի նոյն շրջագ­ծով։

Նա­խա­րար Հրանոյշ Յա­կո­բեա­նի ա­ռըն­թեր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Ե­րե­ւա­նի վար­չա­կան շրջան­նե­րու եւ այլ պատ­կան պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

 

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015