ԹԻՖԼԻԶԻ ՋՐՀԵՂԵՂԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԶՈՀՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ԹԻՒԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ ՉՈՐՍԻ

Թիֆ­լի­զի մէջ պա­տա­հած ջրհե­ղե­ղին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Մինչ ա­ղէ­տի հե­տե­ւանք­նե­րը կը հաս­նին ան­հա­ւա­տա­լի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու, ե­րէկ հա­սաւ եւս եր­կու հա­յե­րու մա­հուան գոյ­ժը։ Այս­պէ­սով ջրհե­ղե­ղի զոհ դար­ձած հա­յոց թի­ւը բարձ­րա­ցաւ չոր­սի։ Ներ­կա­յիս ջրհե­ղե­ղի հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցած են Ժան­նա Ե­ղիա­զա­րո­վա, Սվետ­լա­նա Ե­ղիա­զա­րո­վա, Լիա­նա Ե­ղիա­զա­րո­վա եւ Նա­նա Թի­լիշ­վի­լի-Ե­ղիա­զա­րո­վա։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, Թիֆ­լի­զի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը եւ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Եկե­ղեց­ւոյ Վի­րա­հա­յոց Թե­մը այս հանգ­րուա­նին ա­նընդ­մէջ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րեն պար­զե­լու հա­մար բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ կոր­սուած­նե­րու թի­ւը բա­ւա­կան բարձր է, զո­հե­րու թիւն ալ այս պա­հու դրու­թեամբ կը հա­մա­րուի փո­փո­խա­կան եւ դժբախ­տա­բար հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն կայ, որ հաս­նին նոր տխուր լու­րեր եւս։

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կա-թողիկոսը ահաւոր ջրհեղեղին բերումով ցաւակցա-կաններ ուղարկեց Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիին եւ Համայն Վրաց Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015