ԺԱՄԿԷՏԵՐՈՒ ՆԱԽԱՆՇՈՒՄ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ լայնածաւալ հակամարտութիւնը անհնար պիտի դարձնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բանակցուած կարգաւորումը։ Արցախի ճակատին վրայ տարեմուտին ապրուած մեծ լարուածութենէն վերջ, վերջին ամիսներուն կը տիրէ յարաբերաբար աւելի հանդարտ մթնոլորտ մը։ Իսկ միջնորդները կը ջանան այս հանդարտ պահը հնարաւորինս երկարաձգել, նաեւ կազմակերպել Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր տեսակցութիւն մը։ Ճէյմս Ուորլիք վերջերս Պաքուի եւ Երեւանի մէջ ունեցած շփումներուն լոյսին տակ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին։ Հարկ է նշել, որ իր շփումներուն զուգահեռ ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ բարձր մակարդակի վրայ քննարկումներ տեղի ունեցան վերջերս Պաքուի մէջ։ Առաջին Եւրոպական երիտասարդաց խաղերուն բացման արարողութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ Իլհամ Ալիեւ հիւրընկալէ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։ Ալիեւի հիւրերու շարքին էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Բացի իր ազէրի պաշտօնակցին հետ զրուցելէ, Պաքուի մէջ Էրտողան տեսակցեցաւ նաեւ Փութինի հետ։ Սոյն շփումներու երթեւեկին մէջ «Նովոստի» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Էրտողան եւ Փութին ունեցած են դռնփակ բանակցութիւններ։ Գործակալութիւնը մասնաւորապէս ընդգծած է, որ ռուս ղեկավարի կողքին գտնուած են Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով, Ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք, «Կազ-փրոմ»ի ղեկավար Ալեքսէյ Միլլէր, «Ռոսաթոս»ի ղեկավար Սէրկէյ Քիրիենքօ եւ օգնականը՝ Եուրի Ուշաքով։ Փութին Ալիեւի հետ զրուցելու ընթացքին ալ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, թէ հակառակ տնտեսական անկայուն կացութեան, երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը աճած է։ ՌԻԱ գործակալութեան հաղորդումներով, Փութին եւ Ալիեւ Պաքուի մէջ շօշափած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Այս շփումներու մթնոլորտին համընկնած Ուորլիքի հարցազրոյցին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ այն սպասումին, թէ Պաքուի մէջ կազմակերպուած առաջին Եւրոպական խաղերէն վերջ սահմանի լարուածութիւնը կրնայ աճիլ։ Արդեօք ամերիկացի համանախագահն ալ կը բաժնէ՞ այս մտահոգութիւնը։ Ի պատասխան ամերիկացի դիւանագէտը նշած է, թէ ինք կը յուսայ, որ այդ համոզման տէրերը կը սխալին։ Ուորլիք ըսաւ. «Այս Յունուարին լարուածութեան հերթական աճը արձանագրուեցաւ, բայց անկէ վերջ իրավիճակը համեմատաբար հանդարտեցաւ շփման գծին ու Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքին։ Կը կարծեմ, սա լաւ լուր մըն է։ Կողմերը պէտք է աշխատին պահպանել ու յարգել հրադադարը։ Վատթարագոյն հետեւանքը պիտի ըլլայ բռնութիւններու վերսկսումը, որ չի ծառայեր խաղաղ կարգաւորման։ Մենք չենք կրնար աշխատիլ բանակցուած կարգաւորման մը հասնելու ուղղութեամբ, եթէ հակամարտութիւնը ընդլայնուի։ Համանախագահները, ԱՄՆ կոչ ուղղած են կողմերուն, որպէսզի հրադադարը յարգեն եւ աշխատին մեզի հետ յաջորդ քայլերու ուղղութեամբ՝ հասնելու յարատեւ խաղաղութեան»։
Հարցումի մը պատասխանելով ամերիկացի համանախագահը յայտնեց, որ Սարգսեան եւ Ալիեւ անցեալ Հոկտեմբերին պարտաւորուած էին աշխուժացնել երկխօսութիւնը։ Այդ հանդիպումէն վերջ ապրուեցան բազում իրադարձութիւններ, որոնց հետեւանքով կարելի չեղաւ կազմակերպել անոնց յաջորդ տեսակցութիւնը։ Սակայն ներկայիս հետապնդուած նպատակներէն մին է նախագահներու հաւանական նոր տեսակցութեան ժամկէտերուն նախանշումը եւ անոնց կողմէ քննարկուելիք հարցերու շրջանակին ձեւակերպումը։
Նկատի ունենալով, որ այս շրջանին վերստին օրակարգի վրայ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկելու խնդիրը՝ Ճէյմս Ուորլիք այդ կապակցութեամբ ըսաւ հետեւեալը. «Գոյութիւն ունեցող ձեւաչափը ընդունած են կողմերը ու մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ այս ձեւաչափին մէջ։ Եթէ կողմերը որոշեն փոխել ձեւաչափը, մենք պիտի յարգենք անոնց որոշումը։ Սակայն առայժմ մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափին մէջ։ Բայց խնդիրը բանակցութիւններու ձեւաչափը չէ, ի վերջոյ սա հակամարտութիւն մըն է, որու վերաբերեալ որոշումները պէտք է կայացնեն երկու երկիրներու նախագահներն ու ժողովուրդները։ Երբ անոնք որոշեն, որ եկած է խաղաղութեան, բանակցուած կարգաւորման ժամանակը, մենք պատրաստ պիտի ըլլանք միջնորդել, նպաստել այդ կարգաւորման։ Սա ձեւաչափի հարց չէ, սա քաղաքական կամքի հարց է»։
Ուորլիք մեկնաբանեց նաեւ կարգ մը մասնագէտներու կարծիքը, ըստ որու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափը ընդլայնելու ուղղութեամբ Պաքուի առաջարկի ետին կանգնած է Ռուսաստան։ Քրեմլին կը խրախուսէ Ատրպէյճանը՝ որպէսզի հեռանայ Մինսքեան խմբակէն եւ նպատակ ունի առանձին հասնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան հանգուցալուծման, որմէ վերջ Ատրպէյճան պիտի համաձայնի անդամակցիլ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան։ Իսկ Ճէյմս Ուորլիք յայտնեց, թէ պատրաստ է ընդունիլ որեւէ գաղափար, որ պիտի օգնէ բանակցուած կարգաւորման։ «Ես լաւ կ՚աշխատիմ իմ ռուս պաշտօնակցին հետ ու չեմ կարծեր, որ ան ունի թաքուն նպատակներ։ Կը կարծեմ, ռուսական կողմը կ՚աշխատի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ համատեղ՝ հասնելու խաղաղ կարգաւորման։ Այս գործընթացը արդէն շատ կը ձգձգուի՝ աւելի քան քսան տարի։ Երկու երկիրներու ժողովուրդները արժանի են խաղաղութեան եւ բարգաւաճման։ Կը կարծեմ, սա բան մըն է, զոր կը փափաքին տեսնել ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Ռուսաստան», ըսաւ Ուորլիք։
ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՒԱՔ
Հայկական կողմն ալ այս շրջանին զանազան նախաձեռնութիւններով միջազգային հանրութեան կը փոխանցէ իր պատգամները։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան մէկտեղուեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Սորոքին։ Աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով կազմակերպուած տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի կատարած տարածքաշրջանային այցելութեան արդիւնքներուն։ Ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը շօշափելով Եդուարդ Նալպանտեան կարեւորեց Տաչիչի հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Ան համոզուած է, թէ ուղիղ շփումները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն առաւել առարկայական եւ անաչառ պատկերացում մը կազմելու իրավիճակին մասին։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան յայտարարեց, թէ ուշ կամ կանուխ Ստեփանակերտի օդակայանը պիտի սկսի գործել։ Ըստ իրեն, Արցախի միջազգային ճանաչումը պետականաշինութեան ուղղութեամբ իրենց յաջողութիւնները ամրապնդելու հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ։ Աւստրիական «Die Press» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յոյս յայտնեց, որ հնարաւորինս շուտ պիտի սկսի գործել Ստեփանակերտի օդակայանը։ «Խօսքը մարդասիրական քայլի մասին է։ Երկրի քաղաքացիները ունին ազատ տեղաշարժուելու իրաւունք։ Իսկ ատրպէյճանցիները չեն արձագանգեր համապատասխան ձեւով։ Անոնք փոխած են օրէնքներ, որպէսզի իրենց բանակին իրաւունք վերապահեն կործանելու համար քաղաքացիական օդանաւները։ Կրնա՞ք պատկերացնել, եթէ անոնք մեր օդանաւներէն մէկուն կրակեն, մենք կրակին անմիջապէս պատասխան կու տանք։ Սա կրնայ տեղի տալ իրավիճակի վտանգաւոր սրման։ Մենք կ՚ապրինք քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ, այլ ոչ թէ քարէ դարուն», ըսաւ Միրզոյեան եւ աւելցուց, թէ օդակայանի բացման ժամկէտին համար կանխատեսումներ չի կրնար ընել։
Հարցումի մը պատասխանելով Կարէն Միրզոյեան յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի մշտական սպառնալիքներու առկայ մթնոլորտին մէջ անհնար է խօսիլ փոխզիջումներու մասին։ Նախ եւ առաջ Ատրպէյճան պէտք է վերջ դնէ իր այդ քաղաքականութեան։