ԼԱՒԱՏԵՍ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ
Եւրոմիութեան անդամ եւ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու ղեկավարներուն Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովին յաջորդած մթնոլորտի պայմաններով՝ լաւատեսութիւնը կը շարունակուի Պրիւքսէլ-Երեւան յարաբերութիւններու ապագային տեսակէտէ։ Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ կը փոխանակուին դրական պատգամներ։ Երեւանի ղեկավարութեան մօտ յոյսեր կան, թէ մօտաւոր ապագային տեսանելի պիտի ըլլան Արեւելեան գործընկերութեան շրջագծով «աւելին աւելիին համար» սկզբունքի յստակ գործադրութեան արդիւնքներն ու դրսեւորումները։ Երեւանի մօտ ԵՄ-ի առաքելութեան ղեկավար Թրայան Խրիստէան ալ վերջերս հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնք կը կրէին նոյնպէս դրական շեշտեր։ Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան խոչընդոտ մը չէ Եւրոմիութեան հետ համագործակցութիւնը շարունակելու եւ խորացնելու համար։ Ան վերահաստետեց Հայաստանի հետ երկխօսութիւնը շարունակելու ուղղեալ Եւրոմիութեան յանձնառութիւնը։ Խրիստէա յոյս յայտնեց, թէ շուտով Հայաստան եւ ԵՄ երկխօսութեան պիտի ձեռնարկեն համագործակցութեան վերաբերեալ նոր իրաւական հիմքեր ձեւաւորելու ուղղութեամբ։ Ան յիշեցուց, թէ ապագայ համագործակցութեան համար չկան խոչընդոտներ, ինչ որ կողմերը վերահաստատած են նաեւ Ռիկայի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս։ Խրիստէայի խօսքերով, ԵՄ պատրաստ է բոլոր ուղղութիւններով համագործակցիլ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրին անդամ երկիրներուն հետ, ինչպէս նաեւ նպաստել այդ երկիրներու միջեւ երկխօսութեան։
Իր կարգին, Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկրի՝ Լաթվիոյ Արտաքին գործոց նախարար Էտկարս Ռինքեւիչս ընդգծեց, որ Պրիւքսէլ կը փափաքի զարգացնել երկկողմանի նոր իրաւական շրջանակներ Երեւանի հետ։ «The Parliament Magazine»ի մէջ գրի առած յօդուածին շրջագծով Ռինքեւիչս մատնանշեց, թէ Ռիկայի գագաթաժողովին ընթացքին ռազմվարական բնոյթով քննարկումներ տեղի ունեցած են ԵՄ-ի անդամ քսանութ երկիրներուն եւ Արեւելեան գործընկերներու վեց երկիրներուն միջեւ։ Ըստ իրեն, բանակցութիւնները կրնան խթան դառնալ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Սպիտակ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ՝ հիմնուած անոնց իսկ փափաքներուն եւ ակնկալութիւններուն վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ Ռինքեւիչս ընդգծեց, որ իրենք մշտապէս հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան, որպէսզի ԵՄ-ի սահմաններուն հաստատուի խաղաղութիւն, կայունութիւն ու բարգաւաճում։
Շրջանային նախագահ երկրէն հնչած այս տեսակէտներուն զուգահեռ, ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքն ալ դրական յայտարարութիւններ ըրաւ Հայաստանի պարագային։ Ըստ իրեն, Եւրոմիութիւնը փոխըմբռնման հասած է Երեւանի հետ ապագայ յարաբերութիւններու հարցին մէջ։
«Մենք Հայաստանի հետ փոխըմբռնման հասանք մեր ապագայ յարաբերութիւններու ծաւալներուն վերաբերեալ։ Մենք պէտք է նաեւ հնարաւորութիւն ունենանք քանի մը քայլ յառաջ տանելու Սպիտակ Ռուսիոյ հետ մեր համագործակցութիւնը, որպէսզի զայն խորանայ։ Մենք ընդունած ենք Ատրպէյճանի առաջարկը ԵՄ-ի հետ իր յարաբերութիւններու պայմանագրային հիմնաւորումներու թարմացման մասին», ըսաւ Տոնալտ Թուսք Ռիկայի գագաթաժողովէն վերջ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, քաղաքական վերլուծաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեանն ալ համոզուած է, թէ Ռիկայի գագաթաժողովը կարելի է համարել նոր սկիզբ մը Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն համար։
Հարկ է նշել, որ Եւրոյանձնաժողովը արդէն ԵՄ-ի խորհուրդին դիմում ներկայացուցած է՝ Հայաստանի հետ նոր համաձայնագրի մը շուրջ պաշտօնական բանակցութիւններու ձեռնարկելու համար իրաւասութիւն ունենալու առաջադրութեամբ։