ՀՅԴ ԴԱՐՁԱՒ PES-Ի ԱՆԴԱՄ

Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը (ՀՅԴ) դար­ձաւ Եւ­րո­պա­կան ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան (PES) ան­դամ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Պու­տա­փեշ­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած PES-ի 10-րդ հա­մա­գու­մա­րին ըն­թաց­քին հաս­տա­տուած է ՀՅԴ­-ի ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը՝ դի­տոր­դի կար­գա­վի­ճա­կով։ Հարկ է նշել, որ Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ կամ ան­դա­մակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու չե­ղող եր­կիր­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը այլ կար­գա­վի­ճակ չեն կրնար ու­նե­նալ PES-ի մօտ։

Նոյն հա­մա­գու­մա­րին ըն­թաց­քին կու­սակ­ցու­թեան դի­ւա­նին ա­ռա­ջար­կով հաս­տա­տուած է նաեւ ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը Վրաս­տա­նէն, Ե­գիպ­տո­սէն, Մա­րո­քէն եւ Ի­տա­լիա­յէն կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու։

ՀՅԴ­-ի պիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն Ռուս­տա­մեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ. «Եւ­րո­պա­կան Ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ կու տայ ՀՅԴ­-ին՝ եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կան այդ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն հետ ա­ւե­լի սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը հաս­տա­տե­լու տե­սան­կիւ­նէն»։

­Հարկ է նշել, որ ՀՅԴ կ­՚ան­դա­մակ­ցի նաեւ Սո­ցիա­լիստ Էն­թէր­նա­սիո­նա­լին։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015