ՄՈՎՍԷՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻՆ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆ
Հայկական զինեալ ուժերու բարձր հրամանատարական կազմին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ իր պաշտօնէն ազատուեցաւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի տեղակալ զօրավար Լեովա Մնացականեան։ Այս վերջնոյն փոխարէն Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի տեղակալ նշանակուեցաւ Մովսէս Յակոբեան, որ երկար տարիներէ ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարն էր։ Հարկ է նշել, որ վերջերս հայկական զանգուածային լրատուական միջոցներուն մօտ միշտ շրջանառութեան մէջ կը գտնուէին լսումներ, ըստ որոնց Մովսէս Յակոբեան պիտի նշանակուէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար։ Փոփոխութիւնը թէեւ այդպէս չեղաւ, սակայն վերջին հաշուով Մովսէս Յակոբեան Արցախէն տեղափոխուեցաւ Երեւան։