ՊԱՔՈՒԻ ՍՈՒԼՈՑՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐՔԵՒ

Պա­քուի մէջ կը շա­րու­նա­կուին ա­ռա­ջին Եւ­րո­պա­կան խա­ղե­րը, ո­րոնց լու­սա­բա­նում­նե­րուն շրջագ­ծով մի­ջազ­գա­յին զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րը յատ­կա­պէս կ՚անդ­րա­դառ­նան նաեւ Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թեան։

«Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Մի­ջազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Թո­մաս Պախ նա­խըն­թաց օր հան­դէս ե­կաւ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ը­սաւ. «Մենք կը տես­նենք՝ ռուս մար­զիկ­նե­րը կը մրցին ուք­րանա­ցի­նե­րուն հետ, այս խա­ղե­րուն կը մաս­նակ­ցին Սեր­պիոյ եւ Քո­սո­վա­յի խում­բե­րը, Հա­յաս­տա­նի մար­զիկ­նե­րը կը հիւ­րըն­կա­լուին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ։ Այս բո­լոր մար­զիկ­նե­րը միա­սին տո­ղան­ցե­ցին բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։ Սա է մարմ­նա­մար­զի ու­ժը՝ հա­մախմ­բել մար­դիկը՝ ա­ռանց ա­նոնց հա­ւատ­քի կամ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան։ Սա է այն ինչ, որ կրնայ ը­նել մարմ­նա­մար­զը ու տա­կա­ւին միայն մարմ­նա­մարզն է կրնայ ը­նել այս բա­նը»։

Յի­շեալ գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծած է, որ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին հան­դի­սա­տես­նե­րը սու­լոց­նե­րով դի­մա­ւո­րած են Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։

«Ա­սո­շիէյ­թըտ Փրէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը եւս ընդգ­ծած է, որ հա­կա­ռակ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ եր­կա­րա­տեւ հա­կա­մար­տու­թեան՝ Հա­յաս­տա­նի մար­զիկ­նե­րը կը մաս­նակ­ցին Պա­քուի խա­ղե­րուն։

«Ա­ժանս Ֆրանս Փրէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը ընդգ­ծեց, թէ Հա­յաս­տա­նի մար­զիկ­նե­րուն օ­թօ­պիւ­սը եր­կու ինք­նա­շար­ժնե­րով անվ­տան­գու­թեան աշ­խա­տակ­ցի­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ կը տե­ղա­փո­խուի։ Գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը նշած է նաեւ, թէ ո­րե­ւէ ա­զէ­րի կա­մա­ւոր չէ փա­փա­քած նշա­նա­կուիլ Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան օ­ժան­դա­կող աշ­խա­տա­կից­նե­րու կազ­մին մէջ։

Ըմ­բիշ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեան ի­րա­ւա­րար­նե­րը մե­ղադ­րեց՝ պնդե­լով, թէ ա­նոնք կը մնան հան­դի­սա­տե­սի ազ­դե­ցու­թեան տակ։ Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նէն եւս եր­կու ըմ­բիշ­ներ՝ Ռո­ման Ա­մո­յեան եւ Ստե­փան Մա­րիա­նեան եւս ա­ռար­կայ դար­ձան հան­դի­սա­տե­սի վատ վե­րա­բեր­մուն­քին։ Այս բո­լո­րով հան­դերձ Ստե­փան Մա­րիա­նեան 59 քի­լօկ­րա­մի դա­սա­ւոր­ման մէջ նուա­ճեց ա­խո­յեա­նի տիտ­ղո­սը։

Բաց աս­տի, Պա­քուի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ա­ռա­ջին Եւ­րո­պա­կան խա­ղե­րուն շրջագ­ծով Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նէն ըմ­բիշ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեան նուա­ճեց ար­ծա­թէ մե­տայլ, որ այս յա­ջո­ղու­թեան հա­սաւ յու­նահ­ռով­մէա­կան ո­ճին մէջ։ Ա­ւար­տա­կան խա­ղին ան զի­ջեց Ռու­սաս­տա­նէն Ար­տեոն Սուր­քո­վի դի­մաց եւ ա­պա­հո­վեց երկ­րորդ տե­ղը։

Պա­քուի մրցա­շար­քը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ ամ­սա­վերջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015