«ԱՐԻ ՏՈՒՆ - 2016»
Երեւանի մէջ խանդավառ պայմաններու ներքեւ սկսաւ «Արի տուն-2016» ծրագիրը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը արդէն հետեւողական ջանքերով յառաջ կը տանի իր այս նախաձեռնութիւնը, որուն նկատմամբ կ՚ընծայէ մեծ կարեւորութիւն։
«Արի տուն» ծրագիրը այս տարի կը կազմակերպուի եօթներորդ անգամ ու կը նախատեսուի անոր շրջագծով շուրջ 1100 սփիւռքահայ երիտասարդներու կամ պատանիներու Հայաստան այցը։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ Ծաղկաձորի մէջ ճամբար։
Այս տարուան «Արի տուն»ին սկիզբը ազդարարելով՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վստահութիւն յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ կեցութեան օրերը յիշարժան պիտի դառնան տղոց համար։ Ըստ իրեն, այս ծրագիրը երիտասարդները կը գրաւէ իր բնոյթով եւ կազմակերպչական ամբողջ ծաւալով։ Նախարարին խօսքերով, ծրագրի երիտասարդներուն տեսակէտէ ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մին ալ նոր ընկերներ ու բարեկամներ ապահովելու հնարաւորութիւնն է։