«ԿԼՈՊԱԼ ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐ…»
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան ամէն ձեւով կ՚աշխատի փակ պահելու համար Լեռնային Ղարաբաղի նիւթը։
Յառաջիկայ Երկուշաբթի, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած է Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ շարունակելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման շուրջ քննարկումները։ Այս կարեւոր տեսակցութեան ընդառաջ Սերժ Սարգսեան երէկ փոխանցեց ուշագրաւ պատգամներ։ Ան հիւրընկալեց Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Global Bridges»ի (Կլոպալ կամուրջներ) երիտասարդ առաջնորդներու 15-րդ համաժողովին մասնակիցները՝ աշխարհի շուրջ հինգ տասնեակ երկիրներէն։ Երիտասարդներուն հետ զրուցելու ընթացքին Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
«Տեղեակ եմ, որ ձեր քննարկումներուն անդրադարձած էք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին։ Համոզուած եմ, որ այցելութիւնը ամենաճիշդ ճանապարհն է կարծիք կազմելու համար երկրի, անոր ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն մասին, որովհետեւ Ատրպէյճան ամէն ձեւով կ՚աշխատի փակ պահել Լեռնային Ղարաբաղի նիւթը, կը փորձէ արգիլել զանազան երկիրներու քաղաքական, մշակութային գործիչներու մուտքը Արցախ, որպէսզի կարողանայ դիւրութեամբ իրականացնել իր քարոզչութիւնը», ըսաւ Սերժ Սարգսեան, որ երիտասարդներու հարցումներուն պատասխանելով խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ գործընթացի ներկայ փուլին, առկայ խնդիրներուն եւ հեռանկարներուն, անցեալ Ապրիլին Արցախի ճակատին վրայ ապրուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ գործադրուած աննախադէպ բռնութեան։
Մինչ այդ, նախագահներու Սէն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովին ընդառաջ, երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն ժողովը։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկուի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան։ Կը հաղորդուի, որ Սէրկէյ Շոյկու երէկ առանձին հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Սէյրան Օհանեանի եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Ռուս նախարարը իր ազէրի պաշտօնակցին հետ զրուցելու ընթացքին յայտնած է, որ Մոսկուա ամէն ինչ պիտի ընէ՝ Պաքուի հետ ռազմական համագործակցութիւնը զարգացնելու համար։ Սէյրան Օհանեանի հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին ալ Սէրկէյ Շոյկու նշած է, թէ ռուսական կողմը կը փափաքի յառաջիկային եւս պահպանել ռազմավարական գործընկերութիւնը հայկական կողմին հետ։ Երկու նախարարները շօշափեցին ռազմաթեքնիկ գործակցութեան ընդլայնման շուրջ հարցեր։
Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ շարք մը դժուարութիւններ ծագած են՝ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստան մատակարարուելիք զէնքերու եւ զինամթերքի յապաղման բերումով։
ՍԷՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ. «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ ԿՐՆԱՅ ԼՈՒԾՈՒԻԼ ՄԻԱՅՆ ԽԱՂԱՂ ՃԱՄԲՈՎ»
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կրնայ կարգաւորուիլ միայն խաղաղ ճանապարհով։ «Արմէնփրրէս»ի հաղորդումներով, Սէրկէյ Լաւրով իր երկրի խորհրդարանին՝ Պետական Տումայի մէջ երէկ ելոյթ մը ունեցաւ «Կառավարութեան ժամ»ուան շրջագծով։ Այս շրջագծով ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
Ըստ Սէրկէյ Լաւրովի, ԱՊՀ-ի տարածքէն ներս եւ կամ այլ որեւէ տարածքաշրջանի մէջ հակամարտութիւնները կրնան կարգաւորիլ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, քաղաքական-դիւանագիտական ճամբով, այլ ոչ թէ ռազմական միջոցներով։ Լաւրովի համոզմամբ՝ սա կը վերաբերի Ուքրայնոյ ճգնաժամին, Մերձտնեսթրի եւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրներուն։ «Կարեւորը՝ պէտք է յարգել կողմերու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, թոյլ չտալ անոնց վերատեսութեան ենթարկուիլը։ Վստահ ենք, որ բոլոր այդ ճգնաժամային իրավիճակներու կարգաւորումը աւելի դիւրին պիտի ըլլար, եթէ յաղթահարուէին համակարգային արատները համաեւրոպական համագործակցութեան ոլորտէն ներս, վերացուէին առկայ բաժանարար գիծերը», ըսաւ Սէրկէյ Լաւրով։