ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ ԴՐԱԿԱՆ ԸՆԿԱԼՈՒԱԾ Է ՔՐԵՄԼԻՆԻ ԿՈՂՄԷ, ՍԱԿԱՅՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՉՏՐՈՒԻ
Մոսկուայի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ Ռուսաստանի օրուան կապակցութեամբ ուղարկուած շնորհաւորականներուն, որոնց արտասովոր իմաստ մը վերագրուեցաւ կողմերու միջեւ առկայ լարուածութեան բերումով։ Ծանօթ է, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ նախընթաց օր շնորհաւորականներ ուղարկած էին իր ռուս պաշտօնակիցներուն՝ Վլատիմիր Փութինին եւ Տիմիթրի Մետվետեւին։
Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, թէ Էրտողանի կողմէ Փութինին ուղարկուած նամակը պատասխան մը չի պահանջեր, որովհետեւ այդ մէկը աւանդական արձանագրային ուղերձ մըն է։ Ռուսական կողմը սա սովորական կամ ընթացիկ կը համարէ միջազգային յարաբերութիւններու գործնականութեան մէջ։ Փեսքովի խօսքերով, երկիրներու միջեւ բարդ դիւանագիտական յարաբերութիւնները միշտ չէ որ պատճառ կը դառնան նամակներու փոխանակման դադրեցման։
Ռուսական պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ կը փափաքին վերականգնել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, սակայն Անգարա նախ եւ առաջ պէտք է կարգ մը քայլերու ձեռնարկէ։
Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ այս փուլին իրենցմէ պատասխանի մը ակնկալութիւնը անտեղի է։ Էրտողանի նամակին բովանդակութիւնը պատասխանի մը անհրաժեշտութիւնը չի ստեղծեր։ Ռուս բանբերին խօսքերով, բնականաբար իրենք եւս կը փափաքին վերադառնալ անցեալի փոխշահաւէտ ու ջերմ բարեկամական յարաբերութիւններուն։ «Բայց մեր տեսանկիւնէն, Սուրիոյ մէջ մեր ռազմաօդանաւին դէմ կատարուածներէն վերջ պայման է, որ Անգարա առնէ որոշ քայլեր։ Մեր պահանջները շատ պարզ են ու հասկնալի», ըսաւ Փեսքով։
Հարկ է նշել, որ Ռուսաստան այս հարցին շուրջ Թուրքիայէն կ՚ակնկալէ ներողութիւն, դէպի հանգամանքներուն վերաբերեալ բացատրութիւն, ռազմաօդանաւին ու մահացած օդաչուի ընտանիքին համար հատուցում, ինչպէս նաեւ պատասխանատուներու դատում։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Անգարայի կողմէ փոխանցուած բարեկամական պատգամները ռուսական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն եւ քաղաքական դէտերու շրջանակներէն ներս կ՚արժանանան ուշադրութեան ու կը կատարուին համապատասխան վերլուծութիւններ։ Ռուսական վերլուծաբաններու տպաւորութեամբ, ռազմաօդանայի ճգնաժամէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ յարաբերութիւնները լարուած են արեւմտեան երկիրներուն եւ ՆԱԹՕ-ի հետ։ Առկայ իրավիճակին մէջ Անգարա ստիպուած է նոր գործընկերներ որոնել իր արտաքին քաղաքականութեան համար։ Ռուսաստան այս իրավիճակին մէջ յարմարագոյն տարբերակն է Թուրքիոյ համար։ Մնաց որ, ռազմաօդանաւի ճգնաժամէն առաջ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները շատ աւելի խոր ու ծաւալուն էին Անգարա-Ուաշինթըն յարաբերութիւններուն բաղդատմամբ։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Քրեմլին սկզբունքօրէն պատրաստ է ճգնաժամի յաղթահարման համար։ Ռուսական կողմը թէեւ կը պահէ իր ակնկալութիւնները, սակայն համոզուած է, թէ պէտք է գտնել այլընտրանք մը, որով պիտի չվիրաւորուի Անգարան։ Թրքական ղեկավարութիւնը դիւանագիտական վարպետութիւնով մը պէտք է յառաջ տանի ներողութեան հարցը։
Ռուս մեկնաբանութիւններու այս մօտեցումներուն փոխարէն թուրք վերլուծաբաններն ալ կը հաշուեն առկայ հաւասարակշռութիւնները՝ մասնաւորապէս տնտեսութեան տեսանկիւնէն եւ Ռուսաստան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու առանցքին շուրջ։ Թրքական կողմի դէտերը համոզուած են, որ եթէ նոյնիսկ ճգնաժամը յաղթահարուի, ապա Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ ամէն ինչ չի կրնար վերադառնալ նախկին վիճակին եւ նման պատկերացում մը կրնայ ճիշդ չըլլալ։