ՈՉ ԵՒՍ Է ՅԱՅՏՆԻ ԼՐԱԳՐՈՂ ՀԱՔՔԸ ՏԵՒՐԻՄ

Թուր­քիա ե­րէկ կորսն­ցուց իր ե­րէց սե­րուն­դի կա­րե­ւոր մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն մին։ 87 տա­րե­կան հա­սա­կին մահ­կա­նա­ցուն կնքեց լրագ­րող եւ հրա­տա­րա­կիչ Հաք­քը Տեւ­րիմ, որ թուրք մա­մու­լի վար­պետ սիւ­նա­կա­գիր­նե­րէն մին էր։ Հաք­քը Տեւ­րիմ գրե­թէ բո­լոր կա­րե­ւոր հա­մայ­նա­գի­տա­րան­նե­րու թրքե­րէն տար­բե­րակ­նե­րուն հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ ու­նե­ցած էր ա­ռանց­քա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թիւն։ Բաց աս­տի, յա­ռա­ջա­տար թեր­թե­րու մէջ ե­ղած էր սիւ­նա­կա­գիր։ Համ­բաւ ձեռք բե­րած էր նաեւ որ­պէս թրքե­րէ­նի քաջ գի­տակ, ո­րով­հե­տեւ լե­զուն կ՚օգ­տա­գոր­ծէր կա­տա­րեալ վի­ճա­կով։

Հաք­քը Տեւ­րիմ, որ մի­ջո­ցէ մը ի վեր կը տա­ռա­պէր քաղց­կե­ղէ այ­սօր կը յու­ղար­կա­ւո­րուի Լե­ւեն­տի մզկի­թին մէջ եւ իր մար­մի­նը կ՚ամ­փո­փուի Քի­լիո­սի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016