ՍԱՄԱՍԹԻ ՆՈՐ ԴԻՄՈՒՄԸ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի վրայ կրա­կած Օ­կիւն Սա­մասթ կը պատ­րաս­տուի դի­մում ներ­կա­յա­ցնել Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նի մօտ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սա­մասթ դա­տա­րան ա­ղեր­սա­գիր մը ու­ղար­կե­լով տե­ղե­կա­ցուց, թէ պի­տի պա­հան­ջէ վերս­տին դա­տուիլ։

Մա­յի­սի 30-ին Օ­կիւն Սա­մասթ նա­մակ մը ու­ղար­կած է Իս­թան­պու­լի 14-րդ Ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նը՝ տե­ղե­կաց­նե­լով, որ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեան ան­հա­տա­կան դի­մում ներ­կա­յաց­նե­լու ճա­նա­պար­հով պի­տի պա­հան­ջէ վերս­տին դա­տուի­լը։ Այս պատ­ճա­ռով ան պա­հան­ջեց պատ­ճէ­նը՝ իր կող­մէ հար­ցաքն­նու­թեան նախ­կին դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քէօք­ճի­ւի տրուած ցուց­մունք­նե­րուն։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016