Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԻՖԹԱՐ
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն կողմէ այս տարի եւս իսլամական աշխարհի Ռամազանի շրջանին իֆթարի հաւաքոյթ մը պիտի սարքուի Վաքըֆներու ընհանուր տնօրէնութեան վերնախաւին, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան դիւանակալական շրջանակներու համար։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակէն հաղորդուեցաւ, որ սոյն հաւաքոյթը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յունիսի 28-ին։
Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին հիման վրայ՝ փոքրամասնական համայնքները հերթով կը հիւրընկալեն նման հաւաքոյթները։ Այս տարուան իֆթարի սեղանը պիտի սարքուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ։
Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016