ՔԵՐԻ ԵՒ ԶԱՐԻՖ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՕՍԼՈՅԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ հանդիպում մը ունեցան Օսլոյի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները քննարկեցին Սուրիոյ իրավիճակը, Իրանի մէջ կորսուած կամ ձերբակալուած ամերիկացիներու հարցերը եւ գործողութիւններու համապարփակ ծրագրի իրականացումը։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու թեթեւացման եւ դրամտնային համակարգին վերաբերեալ հարցեր։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Քերի եւ Զարիֆ կանգ առին Սուրիոյ իրավիճակին վրայ եւ այս ամբողջին մէջ շեշտուեցաւ մարդասիրական օժանդակութեան լիարժէք հասանելիութեան եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման անհրաժեշտութիւնը։
Ծանօթ է, որ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան վերջին շրջանին զարգացուցած են իրենց երկխօսութիւնը միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ։