ԳԵՂԵՑԻԿԸ, ԲԱՐԻՆ, ՎԵՀԸ

Երէկ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հէքեաթագիր Նունէ Սարգսեանի ստեղծագործութիւններու մատենաշարին շնորհանդէսը։ Հարկ է նշել, որ Նունէ Սարգսեան կը բնակի Լոնտոնի մէջ եւ կողակիցն է Անգլիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեանի։ Իր հէքեաթները մօտէն ծանօթ են պատանի ընթերցողներուն։

Երէկուան շնորհանդէսին ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ ըսաւ. «Նունէն այսօր դարձած է հայ մանուկներու ամենաճանաչելի մանկագիրներէն մին։ Իր հէքեաթներուն մէջ նոյնիսկ վիշապները կրնան գեղեցիկ ու բարի ըլլալ, լոյսի ու խաւարի պայքարին մէջ միշտ կը յաղթէ լոյսը»։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յիշեցուց, որ Նունէ Սարգսեանի քանի մը հէքեաթները վերածուած են տիկնիկային բեմադրութիւններու ու ցուցադրուած՝ յաջողութեամբ։ Նախարարը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ 2006-2016 թուականներուն Նունէ Սարգսեանի գիրքերը նուէր ստացած են Երեւանի, Հայաստանի զանազան քաղաքներու եւ Արցախի գրադարանները։

Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքէն վերջ հէքեաթագրի գործերուն մասին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեան։ Այս վերջինը նշեց, որ Նունէ Սարգսեանի հէքեաթները մանուկներուն կը ներկայացնեն  գեղեցիկը բարին ու վեհը։ «Այն մանուկները, որոնք կը մեծնան հէքեաթներ լսելով, անոնց մէջ կ՚ամրանան լաւագոյն յատկանիշները», նշեց Կատուալեան։

Ակադեմիոյ «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան կաճառի տնօրէն Վարդան Տեւրիկեանն ալ արտայայտուեցաւ այս հէքեաթներուն մասին եւ ընդգծեց, որ հեղինակի գործերը շատ հրապուրիչ են հայ մանուկներուն համար։

Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Նաիրի Մուրատեան։

Նունէ Սարգսեան այս բոլոր արտայայտութիւններէն վերջ արտասանեց շնորհակալութեան խօսք մը։ Ան մատնանշեց, որ ընտանիքը մեծ նշանակութիւն ունի արուեստագէտի մը կայացման ուղղութեամբ։ Նունէ Սարգսեան դիտել տուաւ, որ ինք գրած է նաեւ չափահասներու համար, սակայն մանուկներու աշխարհը աւելի հոգեհարազատ կը նկատէ եւ համոզուած է, թէ պէտք է օգնել երախաներուն՝ որպէսզի անոնք ճիշդ մեծնան։

Սրտի խօսք մը արտասանեց նաեւ Արմէն Սարգսեան, որ եւս ներկայ էր ձեռնարկին։

Ձեռնարկի աւարտին ընթերցուեցան հատուածներ Նունէ Սարգսեանի՝ Արցախի բարբառով փոխադրուած «Երեք վիշապ» հէքեաթէն։

Ուրբաթ, Յունիս 16, 2017