ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Զուիցերացի արուեստագէտ Թերեզէ Վեպերի «Թուղթ-ձեռք եւ ոգի. պատումներ արուեստի մէջ» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ: Մինչ ցուցահանդէսի բացումը միջոցառման մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ խօսեցան Թերեզէ Վեպեր եւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչները:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Վեպեր երկու տարի առաջ եղած է Հայաստանի մէջ եւ ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուած ստեղծագործութիւններուն գծով արտացոլուած են ինչպէս այլ երկիրներու, այնպէս ալ Հայաստանի մշակոյթէն ստացած անմոռաց տպաւորութիւնները։ «Այստեղ ներկայացուած են ստեղծագործական կեանքիս տարբեր փուլերուն եղած գործեր, ուստի անոնց թեքնիկները տարբեր են: Ինծի համար յատկապէս շատ հետաքրքրական էր աշխատիլ չինական փորձագիտութեամբ պատրաստուած թուղթի հումքի հետ, որ հնարաւորութիւն կու տայ արուեստի գեղեցիկ գործեր ստանալու», ըսաւ արուեստագիտուհի Թերեզէ Վեպեր։

Ան ընդգծեց, որ երկար ժամանակ անցուցած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ ու շատ բան սորված տեղւոյն նկարիչներու ստեղծագործութուններէն:

Ցուցահանդէսին մէջ կարելի էր տեսնել վառ, լուսաւոր գոյներով ու հետաքրքրական մեկնաբանութեամբ լուսանկարներ, գծանկարներ, որոնք թուղթի հումքով ստեղծուած էին։

Իր կարգին, «Մշակոյթներու երկխօսութիւն» կազմակերպութեան հիմնադիր-նախագահ Սօնա Յարութիւնեան ըսաւ, որ Հայաստանի անկախութենէն յետոյ առաջին անգամն է, որ մեր երկրին մէջ կը ներկայացուին զուիցերական արուեստի դաշտէն ներս գործող, թղթարուեստի գծով մեծ հռչակ վայելող արուեստագէտի իւրօրինակ աշխատանքները, եւ այս մէկը մեզի համար մեծ պատիւ է։

«Վեպեր հրատարակած է տարբեր պատկերագիրքեր, որոնց միջոցով կարելի է յստակ պատկերացում կազմել թուղթի ստեղծման, անոր ճիշդ գործածութեան մասին։ Իսկ այս ցուցահանդէսը հայ արուեստագէտներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ծանօթանալ ժամանակակից զուիցերական գեղագիտութեան»,  ըսաւ ան։

Իսկ Թերեզէ Վեպերի ընդգրկուն պատկերագիրքի հրատարակիչ Միքայէլ Վինանտ նշեց, որ մեծ ոգեւորութեամբ հրատարակած է գիրքը, քանի որ անոր մէջ գեղագիտականօրէն համադրուած են Արեւմուտքն ու Արեւելքը, հետաքրքրական լուծումներով ներկայացուած են տարբեր մշակոյթներէ հեղինակի ստացած տպաւորութիւնները։ Ան ըսաւ, որ յատկապէս զարմանալի է ու հիանալի, որ գործերը ոչ թէ թուղթի վրայ են, այլ թուղթի հետ։

Աւելի քան յիսուն աշխատանք ընդ-գըրկող համապարփակ ներկայ ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ Թերեզէ Վեպերի գործունէութեան վերջին քսան տարիներու համալիր համայնապատկերը՝ դիտողին ծանօթացնելով անոր գեղարուեստական եւ թեքնիկական մօտեցումներու տարաբնոյթ փոխակերպումները:

Մինչեւ Յուլիսի 15-ը բաց պիտի մնայ ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է «Մշակոյթներու երկխօսութիւն» կազմակերպութեան աջակցութեամբ։

Թերեզէ Վեպեր թղթարուեստի նշանաւոր ներկայացուցիչներէն է: 1980-ականներու սկիզբին նկարիչը կը բացայայտէ թուղթը, որպէս ստեղծագործական գործունէութեան հիմնանիւթ եւ այդ պահէն սկսեալ, լուսանկարի ու գծանկարի հետ համադրելով, կը ստեղծէ արտայայտիչ ու նորարարական պատկերալեզու: Դէպի Հեռաւոր Արեւելք, Կեդրոնական եւ Հարաւ-արեւելեան Ասիա կատարած հետազօտական ուղեւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ասիական աւանդական եղանակով թուղթի պատրաստման գործընթացներու ուսումնասիրութիւնը, կ՚ոգեշնչեն արուես-տագէտը եւ անոր ստեղծագործութեան հիմք կը դառնան:

Ուրբաթ, Յունիս 16, 2017