ԲԱՑՈՒՄ

Այս առաւօտ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալ հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրիմի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Լուսահոգի պատրիարքի վախճանման առաջին տարելիցը նշուած էր անցեալ մարտին, սակայն շիրիմի բացումը կատարել կարելի չէր եղած՝ աշխատանքներու ակամայ երկարաձգման հետեւանքով։ Թէեւ շատ արագ ամէն ինչ պատրաստ եղած էր, սակայն այս անգամ ալ վրայ հասաւ քորոնաժահրի համաճարակը, որ եւս յաւելեալ գործօն մը դարձաւ՝ շիրիմի պաշտօնական բացման յապաղման տեսակէտէ։ Ի վերջոյ, բացման արարողութիւնը այս առաւօտ տեղի ունեցաւ՝ իսկապէս խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Յուզումնախառն այս արարողութիւնը զուգադիպեցաւ երջանկայիշատակ Պատրիարք Հօր ծննդեան տարեդարձին։ Սա ալ յաւելեալ երանգ մը տուաւ շիրմի բացման արարողութեան, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որով վերյիշեց իր հոգելոյս նախորդը։

Հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի շիրիմի գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած է Վազգէն Պարընի կողմէ, իսկ բարերարն է Եթքին Պէրպէրօղլու։

Մանրամասնութիւնները՝ վաղուան թիւով։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2020