Հինգշաբթի 26, Դեկտեմբեր 2024
ԼԻՊԻՈՅ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՓՈԽԸՄԲՌՆՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆը։ Քորոնաժահրի համավարակի շրջանէն վերջ Ճեւատ Զարիֆ եղաւ՝ Թուրքիա այցելած առաջին օտար նախարարը։ Տոլմապահչէի գրասենեակին մէջ հանդիպեցան երկու նախարարները, որոնք շուրջ մէկուկէս ժամ քննարկեցին օրակարգի նիւթերը։
Քննարկումներու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան Լիպիոյ իրադարձութիւնները։ Ճեւատ Զարիֆ ընդգծեց, որ Անգարա եւ Թեհրան համանման մօտեցում կը ցուցաբերեն Լիպիոյ խնդիրներուն նկատմամբ։ «Կը յուսանք, թէ միջազգային զօրակցութեան տէր օրինական կառավարութիւնը կը մտնէ խնդիրները ամբողջութեամբ լուծելու ճանապարհին», յայտարարեց Զարիֆ Իսթանպուլի մէջ։
Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2020