ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնի եւ Մոլտովայի Արտաքին գործոց նախարար Օլեք Ցուլիայի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան երկու պաշտօնակիցներուն հետ ալ անդրադարձաւ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարին։ Քննարկուեցան նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցեր։
Հայաստան-Գանատա յարաբերութիւններու դրական թափը պահ-պանելու ուղղութեամբ գործնական քայլեր առնելու պատրաստակամութիւն յայտնելու առընթեր, Մնացականեան եւ Շամփայն կանգ առին համագործակցութեան նոր ոլորտներու վրայ։ Այս ամբողջին մէջ կարծիքներ փոխանակուեցան ստեղծագործ կրթութեան, տեղեկատուական փորձագիտութիւններու, երկրագործական գործարարութեան, սնունդի անվտանգութեան պահպանման եւ այլ ոլորտներու վրայ։
Զօհրապ Մնացականեան Օլեք Ցուլիայի հետ ալ զրուցելու ընթացքին անդրադարձ կատարեց Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութեան։