ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՊԱՐԱՆՔՆԵՐ

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի «Վերականգնուած ցուցանմոյշներու պատմութիւն» ծրագրի շրջանակներէն ներս երէկ բացուեցաւ հերթական ցուցահանդէսը։ Պատկերասրահի հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մըն է այս մէկը։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած «Յիշողութեան կերպարանքներ. ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման նորագոյն փորձագիտութիւնները» խորագրեալ 10-րդ միջազգային գիտաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած է ձեռնարկը։

«Արուե՞ստ թէ գիտութիւն. երեք վերականգնուած կտաւներու պատմութիւն. Բաշինջաղեան, Կոջոյեան, Սարեան» ցուցադրութիւնը համալրուած է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի կողմէ 1857 թուականին ստեղծագործուած «Չումակներ։ Սայլաւորներ» կտաւով։ Այս վերջինը երէկուան դրութեամբ ցուցադրութեան այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած է։

Չորեքշաբթի, Յունիս 16, 2021