ԼԱՒՐՈՎԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԱԼԻԵՒԻ ՈՃԸ ԽՍՏԱՑԱԾ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Իր ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 23-24 յունիսին։ Աշխատանքային այցելութեան օրերուն կը նախատեսուի քննարկել՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած եռակողմանի յայտարարութիւններու կեանքի կոչման ընթացքը։ Լաւրով կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Պաքուի մէջ կը շօշափուին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային արդի հարցեր։

Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է յառաջիկային կազմակերպել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման յանձնաժողովի երկրորդ հանդիպումը։ Ըստ իրեն, այս յանձնաժողովի գործունէութիւնը կապ չունի Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին հետ։ Նկատի ունենալով, որ Արցախի Փառուխ գիւղը գրաւուած է Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ՝ Զախարովա ըսաւ. «Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման յանձնաժողովի գործունէութիւնը որեւէ ձեւով կապուած չէ Ռուսաստանի խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ներս գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանի գիւղերէն մէկուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակին հետ»։

Միեւնոյն ժամանակ, բանբերը յոյս յայտնեց, թէ համակարգուած աշխատանքը կը նպաստէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան բարձրացման, դէպքերու կանխման թէ՛ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ եւ թէ Ռուսաստանի խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ներս։

Լաւրովի այցելութեան ընդառաջ, Պաքուի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ «Կլոպալ աշխարհակարգին սպառնացող վտանգները» նիւթով ֆորում մը։ Իր նմաններու շարքին 9-րդ այս ֆորումին կը մասնակցի նաեւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի։ Այս առթիւ Իլհամ Ալիեւ հերթական անգամ անդրադարձաւ «Զանգեզուրի միջանցքին»։ Ան պնդեց, որ Ատրպէյճան իրաւունք ունի պահանջելու այդ միջանցքի բացումը, որովհետեւ Հայաստան ստորագրած է համապատասխան յայտարարութիւնը։ Իր խօսքով՝ այդ միջանցքի շուտափոյթ բացումը տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ապագայի հիմնարար տարրերէն մին է։

«Եթէ մեզի հասանելիութիւն չտրուի, ապա դժուար կ՚ըլլայ խօսիլ խաղաղութեան մասին եւ կը տապալին Ատրպէյճանի բոլոր ջանքերը, որոնք ուղղուած են Հայաստանի հետ բնականոն համակեցութիւն ու բարիդրացիական յարաբերութիւն հաստատելու», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ յայտնեց, որ երկրի կառավարութիւնը եղած է ու պիտի ըլլայ Արցախի կողքին։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2022