ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան նախընթաց օր ընդունեց Երեւանի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեանը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Զրոյցի ընթացքին կարեւորուեցաւ երկու երկիրներու համագործակցութեան նոր բովանդակութիւն մը տալու անհրաժեշտութիւնը։ Հայազգի դեսպանը յայտնեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է Սուրիան ներկայացնել Հայաստանի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2022