ՀԲԸՄ ԽՈՐԱԹԱՓԱՆՑ ԿԸ ԴԻՏԱՐԿԷ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ ՆՈՐ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան, Եւրոպայի մասնաճիւղերու ղեկավարութեան եւ այլ պատասխանատուներու ու հիւրերու մասնակցութեամբ Ժընեւի մէջ վերջերս կազմակերպուած խորհրդակցութեան արձագանգները կը շարունակուին։

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախագահ Պերճ Սեդրակեան մասնաւորապէս շեշտած է վերջին տարիներու պատմական իրադարձութիւններն ու տագնապները, որոնց լոյսին տակ ՀԲԸՄ-ի եւ հայութեան համար նոր առաջնահերթութիւններու սահմանումը անյետաձգելի դարձած է։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է նաեւ սփիւռքի աշխոյժ ներգրաւումը։

Հայաստանի ներկայ աշխարհաքաղաքական եւ կառուցուածքային մարտահրաւէրներուն առընթեր, համաժողովի օրերուն խոշորացոյցի տակ առնուած է նաեւ սփիւռքը, որ եւս կը փոխուի։ Ուստի, թէ՛ Հայաստանէ եւ թէ Եւրոպայէ ներս ՀԲԸՄ-ի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնն ալ վերարժեւորուած է մանրամասնօրէն։ Եւրոպայի հայ համայնքներու փոփոխուած պատկերին վրայ մասնաւոր ուշադրութիւն կեդրոնացուած է, այդ երեւոյթէն բխած մարտահրաւէրներով հանդերձ։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիր նախագահ տքթ. Երուանդ Զօրեան դիտել տուած է, որ 4 հազար տարուայ իրենց պատմութեան ընթացքին հայերը լայնածաւալ տեղաշարժած են՝ մինչ անկախութեան ժամանակաշրջանները շատ կարճ եղած են։ Ան խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հետ բաժնեց իր դիտարկումները վերջին 30 տարիներու ժողովրդագրութեան ազդեցութեան շուրջ՝ Եւրոպայի հին կամ նոր հայկական համայնքներուն վրայ։

Այլ մասնագէտներ ալ խորհրդածութիւններ ըրին սփիւռքի ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ հեռանկարներուն շուրջ։ Այսպէս, մատնանշուեցան համայնքներն ու անոնց մշակութային բազմազանութիւնը եւ առանձնայատկութիւնները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ պետութեան, եկեղեցւոյ եւ հայոց լեզուի դերին։ Առաջարկներ ներկայացուեցան Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ առկայ բացը լրացնելու հնարաւոր եզրերուն շուրջ։

Խորհրդակցական համաժողովի օրերուն բարձր գնահատանքի առարկայ դարձաւ նաեւ Պերճ Սեդրակեան, որ այս շրջանին 20-ամեայ յոբելեանը թեւակոխած է նախագահի պաշտօնին գլուխը։ Իր ծառայութիւնները բարձր գնահատանքի արժանացան հերթական անգամ։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վահէ Կապրաշ, որ միեւնոյն ժամանակ զուիցերահայութեան «Թոփալեան» հիմնադրամի ղեկավարներէն է, Պերճ Սեդրակեանին յանձնեց յատուկ նուէր մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2022