«ՈՏՔԻ՛ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Ի ՆԱՄԱԿԸ
Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման հարցին բերումով ստեղծուած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան կողմէ բարձրացուած աղմուկը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրին օրակարգը։ Ներկայիս այդ նախաձեռնութիւնը վերանուանուած է որպէս «Ոտքի՛ Հայաստան»։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «Ոտքի՛ Հայաստան»ը երէկ բողոքի երթ մը կազմակերպեց Երեւանի մէջ։ Բաղրամեան պողոտայէն՝ Հայաստանի Գրողներու միութեան շէնքի յարակից տարածքէն ցուցարարները քալեցին մինչեւ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գրասենեակը՝ փոխանցելու համար իրենց նամակը Նախագահ Սերժ Սարգսեանին։ Այդ նամակը ընթերցուեցաւ նաեւ Դաւիթ Սանասարեանի կողմէ։ Նախաձեռնութեան նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, թէ պիտի շարունակուի քաղաքացիական անհնազանդութիւնը այնքան ժամանակ, մինչեւ որ Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը չեղեալ յայտարարէ իր որոշումը՝ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինը բարձրացնելու մասին։
«Եթէ մինչեւ Օգոստոսի 1-ը յանձնաժողովը չընդունի այդ որոշումը, մենք պիտի շարունակենք քաղաքացիական անհնազանդութիւնը այնքան ժամանակ, մինչեւ որ պետութիւնը քրէական գործեր չյարուցէ ուժանիւթի ոլորտը փլուզման եզրին հասցուցած բոլոր պաշտօնեաներուն դէմ», ըսաւ Դաւիթ Սանասարեան։