Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՈՐՈՇԵՑ ԱՌԿԱԽԵԼ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը թելադրած է առկախել «Թռչնոց բոյն»ի գերեզմաններու փոխադրութեան ծրագիրը։ «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, «Թռչնոց բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետուհի Սեդա Խտըշեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ որոշուած է առկախել գերեզմանատուներու փոխադրման ծրագիրը։
Հարկ է նշել, որ «Թռչնոց բոյն»ի մերձակայքին գտնուող որբերու գերեզմանները փոխադրելու, հաւաքական գերեզմանի մը մէջ անոնք ամփոփելու եւ նոյն տարածքին վրայ առափնեայ զբօսավայր մը ստեղծելու ուղղեալ ծրագիրը վերջերս յառաջացուցած էր լուրջ հակազդեցութիւն։
Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015