ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի հայկական համագումարի հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահ Վան Գրիգորեանը։ Հարկ է նշել, որ Վան Գրիգորեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։
Ողջունելով հիւրերը՝ Եդուարդ Նալպանտեան կարեւորեց համահայկական հիմնախնդիրները բարձրաձայնելու եւ լուծելու ուղղեալ Ամերիկայի հայկական համագումարի տասնամեակներու բեղմնաւոր գործունէութիւնը։ Ան նոյնպէս կարեւորեց այդ կառոյցի շարունակական համագործակցութիւնը Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ։ Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Վան Գրիգորեան ներկայացուց Ամերիկայի հայկական համագումարի յառաջիկայ ծրագրերը։ Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ 2015-ի ոգեկոչումներու շրջանակներէն ներս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ իրականացուող ձեռնարկներուն։