Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՆԹԻԼԻԱՍ. ԿԸ ՍՊԱՍՈՒԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Պոլ­սոյ մեր աղ­բիւր­նե­րէն կ­­ը տե­ղե­կա­նանք, որ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի այ­ցե­լէ Լի­բա­նան, ուր պի­տի մաս­նակ­ցի Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ կա­տա­րուե­լիք միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան: Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին այս հանգ­րուա­նին Ան­թի­լիաս այ­ցե­լե­լու հան­գա­ման­քը մէ­կէ ա­ւե­լի ա­ռում­նե­րով կա­րե­ւոր կը հա­մա­րուի: Գաղ­տնիք չէ, որ Ան­թի­լիա­սի կող­մէ Սի­սի պատ­մա­կան ա­թո­ռի հո­ղա­տա­րած­քին վե­րա­տի­րա­նա­լու հետ կա­պուած եւ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տը, ո­րոշ ան­հանգս­տու­թիւն պատ­ճա­ռած է Պոլ­սոյ Ա­թո­ռին մօտ: Այդ ան­հանգս­տու­թեան մա­սին Ա­րամ Սրբա­զան խօ­սած է տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով, յայտ­նե­լով նաեւ, որ Սի­սի եր­բեմ­նի վան­քին կամ այլ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ընդ­հա­նուր ի­րա­ւա­սու­թեան կամ պա­հանջք ու­նե­նա­լու հիմ­նա­հար­ցը կը պատ­կա­նի միայն Պոլ­սոյ Ա­թո­ռին: Ան­թի­լիաս այս խնդրով կը պա­հէ իր լռու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռը խնդրին կը մօ­տե­նայ որ­պէս ամ­բող­ջա­կան ի­րա­ւա­սու­թիւն ու­նե­ցող ի­րա­ւա­տէր կողմ: Այս ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նին մէջ ար­դեօք Հա­յոց Եկե­ղեց­ւոյ եր­կու սպա­սա­ւոր­նե­րը ո­րոշ հաս­կա­ցո­ղու­թեան մը պի­տի յան­գի՞ն եւ կամ խե­լա­ցի քայ­լով մը ա­նոնք պի­տի կա­րե­նա՞ն դե­րե­րու ան­կեղծ եւ յա­ջող բաշ­խում կա­տա­րել: Թուր­քիոյ մէջ ըն­թա­ցող գոր­ծը­նթաց­նե­րու լոյ­սին տակ հա­յու­թեան մօտ այս օ­րա­կար­գը ա­ռա­ջին քննու­թիւն ըլ­լա­լու բո­լոր տուեալ­նե­րը ու­նի: Պէտք է նաեւ ընդգ­ծել, որ Ա­րամ Սրբա­զան մօ­տիկ ա­պա­գա­յին կրնայ, որ­պէս պատ­րիար­քա­կան հա­ւա­նա­կան թեկ­նա­ծու, բա­ւա­կան բարդ հա­մա­րուած ընտ­րու­թիւն­նե­րու պայ­քա­րին մէջ մտնել: Ան ու­նի թուրք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն նե­ցու­կը, ու իր Ան­թի­լիաս այ­ցը կը կա­րե­ւո­րուի նաեւ այն ա­ռու­մով, որ Պատ­րիա­րա­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը կրնայ ո­րոշ «թե­լադ­րանք­նե­ր» տալ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին:

Կը մնայ հար­ցադ­րու­մը, ար­դեօք Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Պոլ­սոյ Ա­թո­ռին գե­րա­գոյն պե­տը պի­տի ըն­դու­նի սո­վո­րա­կան հիւ­րե­րու շար­քի՞ն, կամ զինք պի­տի ար­ժա­նաց­նէ յա­տուկ վե­րա­բեր­մուն­քի:

Մէկ խօս­քով եր­կու հո­գե­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն մի­ջեւ կա­յա­նա­լիք հան­դի­պու­մը պատ­մա­կան ըլ­լա­լու բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րը ու­նի, մա­նա­ւանդ, որ վեր­ջին հանգ­րուա­նի փո­փո­խու­թիւն­նե­րէն ետք պատ­մա­կան Պո­լիսն ու Եղեռնի իբ­րեւ հե­տե­ւանք ծնունդ ա­ռած Սի­սի եր­բեմ­նի ա­թո­ռը պի­տի խօ­սին ի­րա­րու հետ:

Օ­ՊԱ­ՄԱ ԹԵՀ­ՐԱ­ՆԻ ՄԷ՞Ջ

Պա­րաք Օ­պա­մա Թեհ­րա­նի մէ՞ջ: Խո­րա­գի­րը ե­րե­ւա­կա­յա­կան ձեւի չէ, ու սպա­սե­լի է, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հը Ի­րան այ­ցե­լէ հան­դի­պե­լու համար «բա­րե­նո­րոգ­չա­կա­ն» հա­մա­րուած Նա­խա­գահ Շէյխ Հա­սան Ռու­հա­նիին հետ: Մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ թարմ է Օ­պա­մա­յի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կա­յա­ցած Օ­պա­մա-Ռու­հա­նի հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը: Օ­պա­մա կարծ­րա­տի­պե­րու դէմ պայ­քա­րող յա­ռա­ջա­տար նա­խա­գահ դար­ձաւ ու յա­ջո­ղե­ցաւ  քանդել եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ «պա­տ»ը: Ճիշդ է, ան մասամբ ձա­խո­ղե­ցաւ Ի­րա­քի մէջ, բայց եւ այն­պէս մեծ քա­րեր գլտո­րե­լով դրա­կան ար­դիւնք­ներ ձեռք ձգեց Քու­պա­յի, Քա­պու­լի եւ ներկայիս ալ Ի­րա­նի մէջ: Ու այս բո­լո­րէն ան­դին ան­կան­խա­տե­սե­լի չէ ա­նոր Թեհ­րան տա­լիք այ­ցե­լու­թիւ­նը, որ կրնայ նա­խա­պատ­րաս­տել դէ­պի Մոս­կուա շատ հա­ւա­նա­կան «մնաք բա­րո­վ»ի այց մը: Օ­պա­մա 2017 թուականին պի­տի լքէ Սպի­տակ տու­նը եւ ա­նոր Սու­րիոյ ու Ի­րա­քի վե­րա­բե­րեալ ու­նե­ցած ծրա­գր­ե­րը մատնուած է սա­ռեց­ման: Ան պի­տի խնդրէ Թեհ­րա­նի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը՝ լու­ծե­լու հա­մար յատ­կա­պէս Սու­րիոյ խնդի­րը, կամ պի­տի փոր­ձէ նա­խա­պատ­րա­ստել ճա­նա­պար­հա­յին այն­պի­սի քար­տէս մը, ո­րուն ծրագ­րով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ի նպաստ դեմոկ­րա­տա­կան­նե­րուն լե­ցնել ա­մե­րի­կա­յի յա­ռա­ջի­կայ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան քուէասն­տուկ­նե­րը: Զար­մա­նա­լի չէ եր­բեք խո­րա­գի­րը, որ են­թադ­րու­թիւ­նէ ան­դին եր­թա­լով կրնայ դառ­նալ ի­րա­կա­նու­թիւն: Պա­րաք Օ­պա­մա Թեհ­րա­նի մէ՞ջ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015