ՕԴ, ՋՈՒՐ, ՀԱՑ ԵՒ... ժողովրդավարութիւն
Երէկ երեկոյեան, ժամը շուրջ 22.00-ին, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուեցաւ արտակարգ իրավիճակ մը։ Առաջին հերթին հանրային կարծիքին մօտ արձագանգ գտաւ լուր մը, թէ Վոսփորի կամուրջը երթեւեկութեան փակուած էր՝ Ասիայէն դէպի Եւրոպա։ Աւելի վերջ նոյնը ի զօրու դարձաւ նաեւ երկրորդ՝ «Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմէտ» կամուրջի պարագային։ Յաջորդաբար Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին, Վաթան պողոտայի Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութեան եւ այլ կարեւոր նշանակութեամբ վայրերու մօտ յայտնուեցան հրասայլեր ու զինուորականներ։ Վրայ հասան նաեւ մայրաքաղաք Անգարայէն ապշեցուցիչ լուրեր։ ԹՌԹ-ի, ՄԻԹ-ի, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան նման ռազմավարական պետական կառոյցներու շէնքերը նոյնպէս առնուած էին պաշարման տակ։ Եւ այսպէս անհաւատալի իրադարձութիւններու շարքի մը հետեւիլ սկսաւ ամբողջ երկիրը։ Ծանրակշիռ ու մտահոգիչ դէպքերը իրարու յաջորդեցին, աւելին՝ ԹՌԹ-ի պաստառէն ընթերցուեցաւ զինուորական յեղաշրջման վերաբերեալ կեղծ զեկոյց մը։ Երկրի այլ քաղաքներուն մէջ ալ տեղի ունեցան համանման դէպքեր, որոնք կը զուգորդուէին ոստիկաններու եւ զինուորներու միջեւ բախումներու ցաւալի դրուագներով։
Պատմական ու մղձաւանջային գիշերէ մը վերջ, Թուքիա այսօրուան այգաբացը դիմաւորեց անշրջադարձելիօրէն վերահաստատուած ազգային կամքի ամուր դրսեւորումով։ Ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ կանխուեցաւ զինուորական յեղաշրջման փորձ մը։ Զուգահեռ կառոյցին այս դաւադիր ծրագիրը ձախողեցաւ շնորհիւ պետական մարմիններուն եւ ժողովուրդին աննախընթաց դիմադրութեամբ։ Համայն միջազգային ընտանիքը ականատես եղաւ, որ ժողովրդավարութիւնը Թուրքիոյ համար համազօր է օդի, ջուրի եւ հացի։
Երէկ գիշերուան ծանր իրավիճակին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան գործեց ամբողջ կշիռով։ Դէպքերու սկսած պահուն ան կը գտնուէր Մարմարիսի մէջ, ուրկէ անմիջապէս օդային ճամբով անցաւ Իսթանպուլ։ Հաղորդուեցաւ, որ Մարմարիս-Իսթանպուլ թռիչքի ընթացքին Էրտողանի օդանաւը պաշարուած էր կարգ մը «Ֆ-16» ռազմաօդանաւերու կողմէ։ Ան անզիջող ու պաղարիւն դիրքորոշումով մը, նաեւ ժողովուրդին ուղղեալ կուռ կոչերով այդ թէժ պահուն երաշխաւորեց երկրին ներքին միասնականութիւնն ու կայունութիւնը։ Մինչեւ առաւօտ զանազան առիթներով, առնուազն երեք անգամ, Էրտողան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն միջնորդութեամբ ուղղեց իր պատգամները հանրային կարծիքին։ Ան ժողովուրդը հրաւիրեց փողոց դուրս գալ՝ տէր կանգնելու համար երկրի ժողովրդավարութեան։ Իր այդ կոչերուն միացան նաեւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, կառավարութեան անդամները, երեսփոխաններ, յառաջատար սիւնակագիրներ, ընդդիմադիր կուսակցութիւններու առաջնորդներ, հասարակական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, նախկին վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու ու նախկին փոխ-վարչապետ Պիւլենտ Արընչ։ Բոլորը ժողովուրդին կոչ ուղղեցին, որպէսզի առանց որեւէ խտրականութեան պաշտպանուի ժողովրդավարական համակարգը։
Այդ կոչերուն արձագանգ գտած մետիան ալ անմասն չմնաց յարձակումներէ։ «Սի. Էն. Էն. Թիւրք»ի սփռումները ընդհատուեցան՝ քանի որ «Տողան մետիա» կեդրոնը եւս միջոց մը բռնագրաւուեցաւ։ Սփռումները թէեւ միջոց մը վերջ վերականգնուեցան, սակայն տպագիր մամուլի արտադրութեան գործընթացը կաղաց լրջօրէն։ Իսթանպուլի մէջ այս առաւօտ կրպակներու մօտ արդէն գոյութիւն չունէին օրուան թերթերը։
Այս բոլորը ընթացան այնպիսի միջավայրի մը մէջ, երբ մայրաքաղաք Անգարայի, Իսթանպուլի եւ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ կ՚ապրուէին արիւնալի դէպքեր։ Էրտողանի հրաժեշտէն քիչ անց, յարձակման ենթարկուեցաւ նաեւ Մարմարիսի մէջ իր իջեւանած պանդոկը։ Ուշ գիշերին, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Իսմաիլ Քահրաման խորհրդարանի նիստերու դահլիճին տակ մէկտեղուեցաւ հոծ թիւով երեսփոխաններու հետ։ Ան տեղեկացուց, որ այսօր խորհրդարանը արտահերթ ժողով մը կը գումարէ։ Դժբախտաբար, խորհրդարանի շէնքը աւելի վերջ թիրախ դարձաւ եօթ ռումբերու ու կրեց լուրջ վնաս։
Ամբողջ գիշեր հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան շէնքին վրայ։ Բոլոր մեկնաբանները կ՚ընդգծէին, որ պետական հարուածի այս փորձը զուգադիպած է Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի Օգոստոսի մօտալուտ ժողովի նախօրեակին։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար գերութենէ ազատուեցաւ հազիւ այս առաւօտեան ժամերուն ու տեղափոխուեցաւ անվտանգ վայր մը։
Թուրք զինեալ ուժերէն հերձատիրական սակաւաթիւ խումբի մը կողմէ կատարուեցաւ այս յեղաշրջման փորձը, սակայն հաշուարկները չարդարացան։ Զուգահեռ կառոյցին վերաբերեալ, անոր ահաբեկչական բնոյթին մասին իշխանութիւններուն կողմէ երկար ժամանակէ ի վեր հնչեցուած ահազանգը արդարացաւ ամբողջ աշխարհի եւ համայն հանրային կարծիքի աչքին։ Դժբախտաբար հետեւանքները եղան ծանր, սակայն Էրտողան նշեց, թէ սա պիտի վերածուի հնարաւորութեան մը՝ երկրի զինեալ ուժերու մաքրագործման համար։ Երէկ գիշերուան ողջ տեւողութեան Էրտողան ահազանգ հնչեցուց, թէ երկրի զինեալ ուժերը չեն կրնար իրենց զէնքերը ուղղել ազգին դէմ, որու միջոցներով ապահոված են այդ զէնքերը։ Այս բոլորին զուգահեռ յեղաշրջում փորձած հերձատիրական խումբին եւ ոստիկանութեան, ինչպէս նաեւ բանակի մնացեալ մեծամասնութեան միջոցներով տեղի ունեցան իրերայաջորդ գործողութիւններ, որոնց շնորհիւ մի առ մի փրկուեցան գիշերուան սկիզբին գրաւուած պետական մարմիններու շէնքերը։ Առաջին զօրաբանակի հրամանատարին ժամանակաւորապէս վերապահուեցան Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան պարտաւորութիւնները։ Բանակի ամենաբարձր մակարդակի պատասխանատուները հեռատեսիլի կայաններուն միջոցաւ ժողովուրդը տեղեակ պահեցին, թէ զինեալ ուժերու նուիրապետութենէն դուրս առնուած որոշումներու վրայ հիմնուած է այս շարժումը։ Դատախազական կառոյցները անմիջապէս անցան գործի գլուխ ու ձեռնարկեցին լայնածաւալ հարցաքննութիւններու։ Բանակի վերնախաւէն շարք մը բարձրաստիճան դէմքեր արդէն ձերբակալուած են ու յայտնի է, որ գործողութիւնը պիտի շարունակուի երկար, ծաւալուն հետաքննութիւնով մը հանդերձ։
Այս ծանրակշիռ իրադարձութիւններուն անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցաւ նաեւ միջազգային ընտանիքը, որ անվերապահօրէն զօրակցութիւն յայտնեց ժողովուրդին կամքով ընտրուած երկրի իշխանութիւններուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա անմիջապէս տեղեակ պահուեցաւ դէպքերէն։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերին ալ, որ կը գտնուի Մոսկուայի մէջ, հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ՝ յայտնելով իր զօրակցութիւնը։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ զգալի դարձուց իր աներկբայ աջակցութիւնը։ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքէն սկսեալ, մինչեւ Ճաբոնի Վարչապետ Շինծօ Ապէ՝ ամբողջ միջազգային յառաջատար դերակատարները յստակ դիրքորոշումով դատապարտեցին այս յեղաշրջման փորձը։
Այս առաւօտեան դրութեամբ քաղաքիս հանրային փոխադրամիջոցները կը գործեն սովորական թափով, քանի մը բացառութեամբ։ Իսթանպուլի մէջ առօրեան գրեթէ վերադարձած է իր բնականոն հունին՝ երէկ գիշերուան ահռելի ցնցումէն վերջ։ Կեանքը թէեւ կը շարունակուի գիշերը ապրուածներու ազդեցութիւնով պայմանաւորուած որոշ մտահոգութեամբ, սակայն միեւնոյն ժամանակ անոնց յաղթահարման առթած ինքնավստահ տրամադրութիւնենրով։ Ամբողջ ժողովուրդը, միեւնոյն ժամանակ, ցաւ կը զգայ գիշերուան դէպքերու ընթացքին զոհուածներուն համար եւ արագ ապաքինում կը մաղթէ՝ վիրաւորեալներուն։
«Անատոլու» գործակալութեան կողմէ փոխանցուած վերջին տուեալներով՝ 90 հոգի մահացած է յեղաշրջման այս փորձին տեղի տուած դէպքերուն հետեւանքով, 1154 հոգի ալ վիրաւորուած։ 374 զինուորական առնուած է հսկողութեան տակ։