ԱՆԸՆԴՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐԸ՝ ՀԱԶԱՐԻ ՇԵՄԷՆ ՎԱՐ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա քաղաքացիներուն խորհուրդ տուաւ, որպէսզի բազմութիւն միջավայրերու մէջ չգտնուին։ Ըստ նախարարին, բոլորը պէտք է իրենց գործերը այնպէս մը դասաւորեն, որ բազմութեան մէջ չմտնեն։ «Հաշուարկեցէք եւ ռիսքը նուազեցուցէք», ըսաւ Ֆահրետտին Քոճա։

Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց Թուրքիոյ վերջին վիճակագրական տուեալները՝ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 42 հազար 320 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 947 նոր վարակեալ։ Երէկ եւս 17 հոգի զոհ գնաց համաճարակի եւ նոյն ժամանակահատուածին առողջացածներու թիւը եղաւ 1013։ Այս պահու դրութեամբ 1206 հիւանդ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի, 401 հիւանդ ալ արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ է։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ երկու օրէ ի վեր նոր դէպքերու թիւը հազարի շեմէն վար իջած է։ Երեք օրէ ի վեր թոքային հիւանդութիւններ չեն արձանագրուած Մալաթիոյ, Թրապզոնի, Քիլիսի, Եալովայի, Պայպուրթի եւ Արտահանի մէջ։ Ըստ նախարարին, նոր տուեալները կը վկայեն, թէ մօտակայ օրերուն լրջութեան մակարդակը բարձրացած է։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2020