ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Երէկուան յարաբերական հանգիստէն վերջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ այս գիշեր դարձեալ տեղի ունեցան բախումներ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ժամը 03.40-ի սահմաններուն զինեալ ուժերու դիրքապահները նկատած են Ատրպէյճանի զօրքերու շարժ։ Անցնելով շրջանաձեւ պաշտպանութեան՝ հայկական ստորաբաժանումները կանխած են Ատրպէյճանի բանակի ներթափանցման փորձը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան տեղեկա-ցուց, որ թէժ մարտերէ վերջ Ատրպէյճանի զօրքերը ետ քաշուած են կորուստներ կրելով։ Այնուհետեւ, Ատրպէյճանի զօրքերը ժամը 05.20-ին սկսած են հրետանիով ռմբակոծել Այգեպար եւ Մովսէս գիւղերը՝ օգտագործելով նաեւ ականանետեր։ Հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները չէզոքացուցած են Ատրպէյճանի բանակի բոլոր սադրանքները։ Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագօտիի հիւսիս-արեւելեան հատուածէն ներս ծաւալուած գործողութիւններուն հետեւանքով հայկական կողմը զոհեր չէ ունեցած։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան կապ հաստատեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուց սահմանի վերջին իրադարձութիւնները եւ նշեց, որ երէկ գիշերուան բախումներուն հետեւանքով Ատրպէյճան ունի բազմաթիւ վիրաւորներ եւ զոհեր։ Նախարարը տեղեկացուց նաեւ, որ Հայաստանի սահմաններու դէմ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները բոլոր ուժերով եւ միջոցներով կը տապալուին։

Այս առաւօտեան ժամերուն Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց, որ վերջին մարտերու ժամանակ Հայաստանի բանակի ստորաբաժանումները խոցած են Ատրպէյճանի հրասայլ մը։ Հայաստանի բանակը չէզոքացուցած է նաեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու հրետանային եւ ականանետային մարտկոցներու կրակային դիրքեր։ Հաղորդումներուն մէջ ընդգծուած է, որ այդ դիրքերէն կը ռմբակոծուէին Հայաստանի բնակավայրերն ու դիրքերը։

Լարուածութեան վերաբերեալ մտահոգիչ լուրերէն վերջ, այս առաւօտեան ժամերուն յարաբերաբար աւելի լաւ լուրեր ալ հասան Երեւանէն։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին բանբեր, «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական համալսարանի հրամանատարային ֆաքիւլթէի պետ Արծրուն Յովհաննիսեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հաղորդեց, որ երէկ գիշեր սկիզբ առած մարտերը թուլացած են, հայկական կողմը զոհեր չունի։ Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի, Ատրպէյճանի բանակը հաստատ ունեցած է կորուստներ։

Բացի այս գիշեր պատահած դէպքերէն, Երեւանի աղբիւրները երէկ հաղորդած էին, որ շաբաթավերջէն ի վեր տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին Հայկական զինեալ ուժերը խոցած են Ատրպէյճանի 13 անօդաչու թռչող սարք։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով հերթապահութեան դուրս եկած են Հայաստանի ռազմաօդային ուժերու «Սու-30CM» կործանիչները։ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ ալ Հայաստանի կառավարութեան ժողովի սկիզբին անդրադարձաւ երէկ գիշերուան բախումներուն։ Կառավարութեան անդամները նախ յարգանքի լռութիւն պահեցին վերջին օրերու նահատակներու յիշատակին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի ներթափանցման փորձին մասնակցած է հարիւր մարդ՝ յատուկ ջոկատայիններէ։ Յարձակման նպատակն էր՝ գրաւել Տաւուշի մարզի «Անվախ» կոչուած սահմանապահ դիրքը։ Մէջբերելով Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած տուեալները՝ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ այդ դիրքը կը տանի դէպի Մովսէս եւ Այգեպար գիւղերը եւ այդ դիրքի շրջանին մէջ տեղի կ՚ունենան վերջին օրերու իրադարձութիւնները։ Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ կիրակիէն ի վեր Ատրպէյճան կը ռմբակոծէ Մովսէս, Այգեպար, Չինարի եւ Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղերը։ Այս պատճառով վնասուած են քաղաքային ենթակառուցուածքներ եւ բնակարաններ։ Ան արդէն յանձնարարած է ուսումնասիրել այդ վնասները եւ տալ գնահատական։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ հարցազրոյց մը տուաւ «Էլ Ճեզիրէ» հեռուստակայանին։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Հայաստան կը հանդիսանայ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը, սակայն պատերազմը տարբերակ մը չէ հիմնախնդիրը լուծելու համար։ «Հայաստան ունի պաշտպանուելու կարողութիւն, բայց խաղաղ կարգաւորման գործընթացը այլընտրանք չունի», ըսաւ Մնացականեան հարցազրոյցի ընթացքին։

Երէկ գիշերուան իրադարձութիւններու լոյսին տակ այս առաւօտ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, ընդգծուեցաւ, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը փակուղային իրավիճակի մէջ է իր անհեռատես քաղաքականութեան պատճառով եւ կը դիմէ արկածախնդիր քայլերու, որոնց համար պատասխան պիտի տայ նաեւ սեփական ժողովուրդի առջեւ։ Նախարարութիւնը յատկանշական համարած է, որ վերջին գործողութիւնը տեղի ունեցած է բախումները դադրեցնելու վերաբերեալ աւելի առաջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան ուխտադրուժ խախտումով եւ սահմաններու յարաբերական անդորրի հաստատումը արձանագրող ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու երէկուան յայտարարութենէն վերջ։

Տաւուշի մէջ ստեղծուած համահայկական տեղեկատուութեան միասնական կեդրոնէն ներս Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի ռմբակոծումները խաղաղ բնակչութեան վնաս հասցնելու նպատակ ունէին։ Ան ընդգծեց, որ թիրախաւորուած է «Տաւուշ թեքստիլ» գործարանը, որ դիմակներ կ՚արտադրէր։ Իր կարգին, նոյն կեդրոնէն ներս Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ ընդգծեց, որ Հայաստանի բանակը չէ թիրախաւորած Ատրպէյճանի որեւէ գիւղ կամ քաղաքացիական բնակիչ։

Երեւանեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Տաւուշի մարզի Այգեպար գիւղին վրայ երէկ գիշեր կատարուած յարձակումներուն հետեւանքով վնասուած է տեղւոյն մանկապարտէզի շէնքը։ 

Երէկ միջազգային դերակատարները շարունակեցին արձագանգել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութեան՝ մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները։ Մոսկուայէն վերջին օրերուն հնչած բարձրաստիճան պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն վրայ երէկ աւելցան Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մատվիէնքոյի խօսքերը։ Ան ըսաւ, որ իր երկիրը հնարաւորը կ՚ընէ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը կանխելու համար։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ կոչ ուղղեց, որպէսզի Ատրպէյճան եւ Հայաստան հրադադարը պահպանեն։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ երկխօսութեան կոչով։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հերթական անգամ յայտարարութիւն մը ըրին՝ կարեւորելով բանակցութիւնները։

ՊԱՔՈՒԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ շատ հետաքրքրական ներքին քաղաքական իրադարձութիւններ կը նկատուին Պաքուէ ներս։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հրապարակաւ բաւական ծանր ձեւով քննադատեց երկրի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը։ Զանազան աղբիւրներ արդէն հաւանական կը նկատեն անոր հրաժարականը։ Բաց աստի, սահմանի դէպքերուն հետեւանքով Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը։ Կը հաղորդուի, որ այդ ցոյցը շուտով հակաիշխանական ցոյցի մը վերածուեցաւ։ Ցուցարարները պահանջեցին, որ պետութիւնը զիրենք զինէ եւ զօրակոչ յայտարարէ երկրէն ներս։ Աւելի ուշ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ քանի մը հազար հոգիի մասնակցած ցոյցէն վերջ կռիւի մեկնելու համար ցանկագրուած է ընդամէնը 150 հոգի։ Ալիեւ յայտնեց, որ Ղարաբաղի կարգախօսի ներքեւ քաղաքական չարաշահումներ պէտք չէ ըլլան։ «Եթէ ոեւէ մէկը կը փափաքի փողոցային հերոս դառնալ, ապա սա վատ միջոց մըն է», ըսաւ ան։

Ըստ Պաքուէն հասած լուրերուն, իշխանութիւնները արդէն չեն պատրաստուիր զօրակոչ յայտարարել։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Վաղարշակ Յարութիւնեանն ալ այս առաւօտ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները փակուղային վիճակի մէջ յայտնուած են։ Ըստ իրեն, սահմանի վերջին իրադարձութիւնները, Ատրպէյճանէն ներս ընթացող քաղաքական գործընթացները ցոյց կու տան, որ Իլհամ Ալիեւի իշխանութիւնը փակուղային իրավիճակի մէջ յայտնուած է։ «2012-2013 թուականներէն մինչեւ այսօր Ատրպէյճանի իշխանութիւնները 20 միլիառէ աւելի գումար ծախսած են բանակի վրայ։ Հասարակութեան իրավիճակը ներկայացուցած են այսպէս՝ դուք վատ կ՚ապրիք, բայց մենք կը լուծենք Ղարաբաղի խնդիրը։ Կու գայ ժամանակ, երբ կը պարզուի, թէ այդ բանակը ի վիճակի չէ լուծել որեւէ խնդիր։ Միւս կողմէ, կը տեսնենք ներքին քաղաքական պայքարը։ Ստեղծուած է վիճակ մը, ինչ որ այժմ ունինք. այն է, որ անոնք չեն ուզեր բանակցութիւններու երթալ եւ իրենք կ՚ընտրեն ռազմական ճանապարհը, ինչ որ չ՚ընդունիր որեւէ միջազգային կառոյց, բազմաթիւ պետութիւններ։ Ես կ՚ենթադրեմ, թէ սա լուրջ փոփոխութիւններ պիտի բերէ Ատրպէյճանէ ներս», ըսաւ Վաղարշակ Յարութիւնեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2020