ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆԻ MODERNA-Ն ԼՈՒՐՋ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ԴԷՄ ՊԱՏՈՒԱՍՏԱՆԻՒԹԻ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Moderna դեղագործական ընկերութիւնը հետզհետէ կը զարգացնէ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը գտնելու ուղղեալ աշխատանքները։ Կը հաղորդուի, որ պատուաստանիւթի փորձարկումներու արդիւնքները միշտ կ՚ըլլան յուսադրիչ։ Վերջին փորձարկումներուն զուգահեռ ապահովուած է դիմադրային պատասխան։ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր համաճարակաբան Էնթընի Ֆաուչին ալ «լաւ լուր» համարեց Moderna-ի պատուաստանիւթի փորձարկումներու յուսադրիչ արդիւնքները։ Հարկ է յիշեցնել, որ Moderna ընկերութեան համահիմնադիրներէն է ամերիկահայ յայտնի գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Moderna-ի պատուաստանիւթի աշխատանքները ստացած են ԱՄՆ-ի կառավարութեան հաւանութիւնն ու աջակցութիւնը։ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը այդ մէկը ընտրած է առաջիններէն մին՝ մարդոց վրայ լայնածաւալ փորձարկումներ կատարելու համար։

«Ռէօյթըրզ» գործակալութեան հաղորդումներով, Moderna-ի պատուաստանիւթի փորձարկումներու դրական արդիւնքները արձանագրուած են երկու օր առաջ՝ յուլիսի 14-ին։ 45 առողջ կամաւորներու վրայ կատարուած են պատուաստանիւթի փորձարկումները։ Ըստ արձանագրուած արդիւնքներուն, այդ մէկը անվնաս է եւ մարդկային մարմնէն ներս քորոնաժահրի դէմ դիմադրութեան կացութիւն կը յառաջացնէ։ Այսպէս, օրկանիզմի մէջ կը յառաջանան հակամարմիններ, որոնք կը նկատուին հիւանդութենէ բուժուածներու մօտ։

ԱՄՆ-ի Առողջապահութեան ազգային կաճառի գիտնականները ուսումնասիրած են պատուաստանիւթի յատկութիւնները եւ իրենց գնահատականը դրական է։ Ֆաուչի ըսաւ, որ Moderna-ի պատուաստանիւթը կը յառաջացնէ հակամարմիններու բաւական բարձր մակարդակ մը։  Պատուաստանիւթի դրական արդիւնքներէն մին է կողմնակի լուրջ ազդեցութիւններու բացակայութիւնը։ Դեղամիջոցը ընդունած կամաւորներուն կէսը գանգատած է չափաւոր ցաւերէ. օրինակ՝ գլխացաւեր եւ կամ զգացած է սառնութիւն։ Moderna-ի մասնագիտական խումբը համոզուած է, թէ այդ բոլորը հաւանաբար յառաջացած են պատուաստանիւթի երկրորդ՝ աւելի մեծ չափաքանակով ներարկման ժամանակ, երբ կամաւորները ստացած են պատուաստանիւթի ամենաբարձր տոզը։ Moderna-ի պատուաստանիւթը մարդկային մարմնի բջիջները կը ստիպէ արտադրել սպիտակուցներ, որոնք կը նմանակեն քորոնաժահրի արտաքին մակերեւոյթը։ Մարդկային օրկանիզմը այդ մէկը կ՚ընկալէ՝ որպէս օտարածին, ներթափանցած ժահր եւ դիմադրական պատասխան կու տայ։ Ամերիկեան կառավարութիւնը կ՚աջակցի Moderna-ի պատուաստանիւթի ստեղծման եւ տրամադրած է մօտաւորապէս կէս միլիառ տոլար։

Moderna առաջին ընկերութիւնն է, որ անցեալ մարտին սկսաւ պատուաստանիւթի փորձարկումները կատարել մարդոց վրայ։ Փորձարկումներու երկրորդ փուլը սկսած էր մայիսին։ Կ՚ակնկալուէր, որ Նուպար Աֆէեանի ընկերութիւնը փորձարկումներու երրորդ փուլին ձեռնարկէ այս ամսավերջին։ Այս փուլի փորձարկումներուն ընդգրկուած են շուրջ 30 հազար կամաւորներ։

Պատուաստանիւթի փորձարկման փուլերուն 18-55 տարեկան 45 առողջ անձ 28 օր ընդմիջումով երկու պատուաստման ենթարկուած էր։ Սկզբնական դեղաչափերու արդիւնքները վերահաստատած են, որ «mRNA-1273» կոչուած պատուաստանիւթը յառաջացուցած է արագ եւ ուժեղ դիմադրական պատասխաններ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2020