«ԲԱՐԴ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան անհաւանական յառաջընթաց արձանագրած են, բանակցութիւններուն մէջ երկար ճանապարհ անցած են, յամենայնդէպս, ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին հասնիլը կողմերէն կը պահանջէ կարգ մը բարդ ընտրութիւններ եւ դժուար զիջումներ կատարել։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանբերը ամենօրեայ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններուն մէջ հաւանական յառաջընթացին։ Այսպէս, ան վստահեցուց, թէ տակաւին համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած՝ ուստի Ուաշինկթըն չի պատրաստուիր դադրեցնել իր ջանքերը։ Ան խուսափեցաւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ հրապարակելէ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի Ուաշինկթընի վերջին հանդիպման կապակցութեամբ։ Այդ շփումը ՆԱԹՕ-ի վերջին գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս ապահովուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի ջանքերով։

«Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը շատ մեծ նշանակութիւն կ՚ունենայ թէ՛ այդ երկիրներու եւ թէ տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան համար։ Մենք, իսկապէս, կը կարծենք, թէ համաձայնութիւնը կարելի է, բայց, սա երկու կողմերէն կը պահանջէ կատարել կարգ մը բարդ ընտրութիւններ եւ դժուար զիջումներ։ Մենք կը պատրաստուինք շարունակել զանոնք յառաջ մղել, որպէսզի լուծեն այդ վերջնական տարաձայնութիւնները եւ հասնին համաձայնութեան», ըսաւ Միլըր։

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զէյա, որ վերջերս Երեւան այցելեց, յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ նպաստել Հայաստան-Ատրպէյճան իսկական խաղաղութեան հաստատման եւ տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման։ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վարչախումբը մեծապէս կը կարեւորէ Հայաստանի հետ կապերու զարգացումը», աւելցուց բարձրաստիճան դիւանագէտը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2024