ԳՆԴԱՊԵՏ ԱԼԻ ԷՕԶ ԵՐԷԿ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով երէկ չորս հոգի եւս ձերբակալուեցաւ։ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան ահաբեկչութեան ու կազմակերպուած յանցագործութիւններու հետաքննութեան գրասենեակին կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն հիման վրայ՝ երէկ եւս եօթ հոգի հարցաքննութեան համար ուղարկուեցան Չաղլայանի Արդարադատութեան պալատը։ Այս շրջագծով ձերբակալեալ չորս անձերու շարքին է Ալի Էօզ, որ մահափորձի շրջանին Թրապզոնի ոստիկան զօրաց հրամանատարն էր՝ գնդապետի զինուորական կոչումով։ Ան կը մեղադրուի՝ անդամակցելով զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան։
Միւս ձերբակալեալներն ալ ոստիկան զօրաց շարքերէն զինուորականներ են։