ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Պրա­զի­լի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պրա­զի­լիա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ մաս­նակ­ցե­ցաւ հայ­կա­կան դես­պա­նա­տան շէն­քի հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան։ Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ էին Պրա­զի­լի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­րար Ժո­զէ Սե­րա, Պրա­զի­լի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դես­պան­ներ, բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէտ­ներ եւ պրա­զի­լա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան կա­ռուց­ման հա­մար յատ­կա­ցուած տա­րած­քը կը կազ­մէ 15 հա­զար 750 քա­ռա­կու­սի մեթր։ Շէն­քը պի­տի կա­ռու­ցուի պրա­զի­լա­հայ հա­մայն­քի բա­րե­րա­րու­հի­նե­րէն Հիլ­տա Տի­րու­հի Պուր­մա­եա­նի եւ Պուր­մա­եան ըն­տա­նի­քի նուի­րա­տուու­թեամբ։ Կը ծրագ­րուի, որ դես­պա­նա­տան կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տին շուրջ տա­րուան մը ըն­թաց­քին։

Հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Ժո­զէ Սե­րա եւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։

«Մեր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը սկսած է 1992 թուա­կա­նին եւ վեր­ջերս շատ ա­ւե­լի ամ­րապն­դուած է, ան­շուշտ, նաեւ ձեր ներ­կա­յու­թեամբ այս­տեղ պա­րոն նա­խա­գահ։ Այն հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, զորս ստո­րագ­րե­ցինք՝ պէտք է ա՛լ ա­ւե­լի ամ­րապն­դեն մեր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը եւ մեր երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Վստահ ե­ղէք, որ այս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի պէտք է ամ­րապն­դուին տնտե­սա­կան ներդ­րում­նե­րու եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ո­լորտ­նե­րու մէջ։ Եւ այս ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ դես­պա­նա­տան հա­մար, պէտք է հիմք ըլ­լայ մեր եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ նոր եւ ա­պա­գայ խոստմ­նա­լից ու բար­գա­ւաճ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հա­մար», իր ե­լոյ­թին մէջ ը­սաւ Ժո­զէ Սե­րա։ Իր կար­գին, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեանն ալ ը­սաւ. «Յե­տա­դարձ հա­յեաց­քով մը հա­մա­տեղ բո­լո­րուած ու­ղիին վրայ՝ կրնանք փաս­տել, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Պրա­զի­լի մի­ջեւ զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րու մէջ ձե­ւա­ւո­րուած եւ ամ­րապն­դուած են բազ­մաբ­նոյթ կա­պեր։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի այս այ­ցը, վստա­հա­բար, ար­գա­սա­բեր հիմք պի­տի հան­դի­սա­նայ նոր խոստմ­նա­լից նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով մեր ընդ­հա­նուր օ­րա­կար­գի հա­մալր­ման, հայ-պրա­զի­լա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ո­րա­կա­պէս նոր մա­կար­դա­կի մը բարձ­րաց­նե­լու հա­մար։ Մենք ու­նինք բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի Հա­յաս­տանն ու Պրա­զի­լը բա­րե­կա­մու­թեան, յար­գան­քի եւ վստա­հու­թեան հի­ման վրայ ա­ռա­ւել ամ­րապն­դեն սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ։ Սա է այն գլխա­ւոր ու­ղեր­ձը, զոր մենք այժմ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ներ­կա­յու­թեամբ պի­տի զե­տե­ղենք նոր դես­պա­նա­տան հիմ­քին մէջ»։

Հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին ստո­րագ­րուե­ցաւ հա­մա­տեղ յու­շա­թերթ մը եւ պար­կուճ մը զե­տե­ղուե­ցաւ նոր կա­ռու­ցուե­լիք դես­պա­նա­տան հիմ­քին։

Հի­մար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­լու ա­ռըն­թեր, Սերժ Սարգ­սեան տե­սակ­ցե­ցաւ Սան Փաու­լո­յի նա­հան­գա­պետ Ժե­րալ­տօ Ալք­մի­նի եւ պրա­զի­լա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Բնակ­չու­թեան ա­ռու­մով աշ­խար­հի եր­րորդ մե­ծա­գոյն քա­ղաքն է Սան Փաու­լոն, ուր կ՚ապ­րի նաեւ Պրա­զի­լի խո­շո­րա­գոյն հայ­կա­կան հա­մայն­քը։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան նա­հան­գա­պե­տին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ հայ հա­մայն­քին ի նպաստ շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։ Պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման, նաեւ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու փո­խա­դարձ ճա­նա­չե­լիու­թեան ա­ռու­մով Սերժ Սարգ­սեան մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րեց ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ մէջ­բե­րե­լով օ­րի­նակ­ներ։ Սարգ­սեան եւ Ալք­մին քննար­կե­ցին զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման եւ ներ­կայ նե­րու­ժի լիար­ժէք օգ­տա­գործ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան ո­լոր­տէն ներս հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու եւ գի­տա­կան նո­րա­րա­րու­թեան ծրագ­րե­րուն շուրջ գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րու։

Զրոյ­ցի ա­ւար­տին Սերժ Սարգ­սեան ստո­րագ­րեց Սան Փաու­լո­յի նա­հան­գա­պե­տա­րա­նի պա­տուոյ տո­մա­րը։

Զրոյ­ցէն վերջ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ալք­մին հան­դի­պե­ցան Սան Փաու­լո­յի հայ­կա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Հարկ է նշել, որ հայ հա­մայն­քը Սարգ­սեա­նի ի պա­տիւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պած էր՝ նա­հան­գա­պե­տա­րա­նէն ներս։ Այս առ­թիւ Սերժ Սարգ­սեան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին շեշ­տեց, որ հա­յե­րը՝ ո՛ւր որ ալ ապ­րին, ի՛նչ լե­զուով որ ալ խօ­սին, ու­նին ընդ­հա­նուր ար­ժէք մը՝ հա­մայն հա­յու­թեան հայ­րե­նիքն ու հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ան ը­սաւ.

«Այս տա­րի մենք ազ­գո­վին մեծ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ պի­տի նշենք հայ­կա­կան եր­կու ան­կախ պե­տու­թիւն­նե­րու 25-ա­մեա­կը։ Քսան­հինգ տա­րին քա­ռորդ  դար է՝ ու­ղիղ մէկ սե­րունդ։ Իսկ այս շրջա­նի մեր ձեռք­բե­րում­նե­րէն լա­ւա­գոյ­նը ես կը հա­մա­րեմ ա­զատ մտա­ծող, ա­զա­տու­թիւ­նը ար­ժե­ւո­րող, հպարտ ու ըմ­բոստ, յա­ճախ ալ նաեւ ին­ծի ընդ­դի­մա­ցող սե­րուն­դը։ Քա­ռորդ դա­րը բա­ւա­կան ժա­մա­նակ է։ Ուս­տի ե­կած է մեր ան­ցած ճա­նա­պար­հը վե­րար­ժե­ւո­րե­լու պա­հը։ Ձեռք­բե­րում­նե­րով լի այս քսան­հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ենք նաեւ, ան­շուշտ, կո­րուստ­ներ, ա­նոնց կող­քին՝ նուա­ճում­ներ, յաղ­թա­նակ­ներ, դար­ձած ենք մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան լիի­րաւ ան­դամ։ Այ­սօր Հա­յաս­տան թե­ւա­կո­խած է նոր շրջան մը, զար­գաց­ման նոր փուլ։ Մայր օ­րէն­քի փո­փո­խու­թեամբ մենք ընտ­րե­ցինք եր­կա­րա­ժամ­կէտ ու կա­յուն զար­գաց­ման ճա­նա­պար­հը։ Ան կը ցո­լաց­նէ ա­պա­գա­յի մա­սին մեր տես­լա­կա­նը, պատ­կե­րա­ցում­ներն ու մօ­տե­ցում­նե­րը՝ ուղ­ղուած ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, ա­մուր, բա­րե­կե­ցիկ ու ա­պա­հով պե­տու­թեան կա­ռուց­ման։ Նոր Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը պի­տի դառ­նայ այն հիմ­քը, ո­րու վրայ խարս­խուին հե­տա­գայ բա­րե­փո­խում­նե­րը՝ նոր սե­րուն­դի Հա­յաս­տա­նը։ 25-ա­մեայ ան­կա­խու­թեամբ ամ­րա­ցած՝ մենք այ­սօր հա­ւա­տով յա­ռաջ կը նա­յինք ու յա­ռաջ կ՚եր­թանք ա­ւե­լի վստահ քայ­լե­րով»։

Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նէն վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ նա­հան­գա­պետ Ալք­մին։ Հա­ւա­քոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան Սերժ Սարգ­սեան պար­գե­ւատ­րեց Հիլ­տա-Տի­րու­հի Պուր­մա­եա­նը՝ իր բա­րե­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016