ԹՈՒՐՔԻԱ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ԱՄՆ-Ի ԿՈՂՄԷ ՏՐՈՒԱԾ ԽՈՍՏՈՒՄԻՆ ՅԱՐԳՈՒԻԼԸ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ ուշադրութեան կիզակէտին, միեւնոյն ժամանակ կը բնորոշեն Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն ընթացքը։ Մեմպիչ քաղաքը վերջերս ազատագրուեցաւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումէն։ Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութեան զօրքերուն նեցուկով քաղաքը ետ առնուեցաւ՝ Սուրիոյ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն կողմէ։ Այդ զօրքերու շարքին կը գտնուէին նաեւ ՓԵՏ-ի զօրքերը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր խստիւ կ՚ընդդիմանայ ՓԵՏ-ի՝ Եփրատի արեւմուտքը անցքին։ Մեմպիչի ազատագրման մարտերուն ժամանակ ՓԵՏ-ականները գործնականօրէն անցած են դէպի Եփրատի արեւմուտքը։ Յամենայնդէպս, Անգարայի ղեկավարութիւնը տեղեկացուց, որ սա զուտ այդ նպատակին հասնելու համար բացառութիւն մը եղած է եւ տակաւին Մեմպիչի ազատագրումէն առաջ ամերիկեան կողմը երաշխիք տուած է, որ այդ նպատակի իրագործումէն վերջ ՓԵՏ-ականները պիտի քաշուին Եփրատի դէպի արեւելքը։
Երէկ, ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ՝ Մեմպիչի ԻՇԻՊ-էն մաքրագործման ուղղեալ գործողութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Միեւնոյն ժամանակ Փենթակոնի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ շրջանի գործողութիւնները յառաջ պիտի տարուին՝ նախապէս տրուած խոստումներուն համահունչ։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հաղորդեց, որ Մեմպիչի ԻՇԻՊ-էն ազատագրումը տարածքաշրջանային առումով կը ներկայացնէ ռազմավարական կարեւորութիւն։ Պետական քարտուղարութեան բանբերը՝ Էլիզապէթ Թրիւտօ յայտնեց, թէ Մեմպիչ պիտի վերակառուցուի տեղաբնակ արաբ ժողովուրդին կողմէ։
Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ անդրադարձաւ այս նիւթին եւ յայտարարեց, թէ ամերիկեան կողմը պէտք է յարգէ իր խոստումը։ Նախարարը յիշեցուց, որ այս նիւթին շուրջ ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամա անձամբ երաշխիք տուած է, թէ Մեմպիչի ազատագրման գործողութիւններու աւարտին ՓԵՏ-ականները պիտի վերադառնան Եփրակի արեւելքը։ Այդ ՓԵՏ-ականները մաս կազմած են Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու շարքերուն։ «Հիմա ԱՄՆ պէտք է յարգէ իր խոստումը։ Սա է մեր ակնկալութիւնը եւ այս նիւթին շուրջ յառաջ կը տանինք մեր շփումները», ըսաւ Չավուշօղլու։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը յամառօրէն պաշտպանած էր այն մօտեցումը, թէ ՓԵՏ շարք մը տեղական արաբական տարրերու հետ Եփրատի արեւմուտքին պէտք է մասնակցէր գործողութիւններուն։ Իսկ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր ամերիկեան կողմը կը զգուշացնէ՝ այդ կազմակերպութեան կողմէ Սուրիայէ ներս հետապնդուող ծրագրերուն առընչութեամբ։ Դաշնակցային յարաբերութիւններուն շրջագծով՝ Թուրքիա ԱՄՆ-էն պահանջած էր խուսափիլ այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան վտանգել իր ազգային անվտանգութիւնը։
Իր երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղու կրկնեց նաեւ, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ըստ իրեն, առաջին իսկ օրէն ի վեր թրքական կողմը կը նախատեսէ այդ երկրէն ներս աշխարհավար դրութեան մը ստեղծուիլը՝ բոլոր ազգային ու կրօնական խմբաւորումներու մասնակցութեամբ։ Ըստ Չավուշօղլուի, Անգարա եւ Մոսկուա ալ համամիտ են այս ուղղութեամբ։ Նախարարը ընդգծեց, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ վար առնուած Ռուսաստանի ռազմաօդանաւին բերումով ծագած տագնապէն առաջ եւս երկու երկիրները համամիտ էին այս ուղղութեամբ։